Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պէյրութի Մէջ. Բողոքի Զոյգ Ցոյցեր Եւ Փառատօն

Յունուար 22, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մայրաքաղաք Պէյրութը երէկ վերածուեցաւ բողոքի զոյգ ցոյցեր ընդգրկող քաղաքի մը, սակայն այդ ցոյցերուն զուգահեռ ընթացաւ նաեւ Նըժմէ հրապարակը վերստին կեանքի կոչելու արշաւը, որուն շրջագիծին մէջ Պէյրութի քաղաքապետական խորհուրդը նախաձեռնեց փառատօնի մը, որ սկսաւ առաւօտեան ժամերէն եւ տեւեց մինչեւ ուշ գիշեր:

Պէյրութի քաղաքապետութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, այդ փառատօնին նախաձեռնութիւնը կը միտի ցոյց տալ, թէ Պէյրութը կեանքով բաբախող մայրաքաղաք է, ուր ապահովութիւն եւ ուրախութիւն կը տիրէ:

Ռիատ Սոլհ հրապարակին վրայ Ժամաա Իսլամիէի եւ Թահրիր կուսակցութեան հետեւորդներ, ինչպէս նաեւ իսլամական բանտարկեալներու հարազատներ կատարեցին բողոքի ցոյց մը, որուն ընթացքին անոնք պահանջեցին ընդհանուր ներում շնորհել իսլամական բանտարկեալներուն:

Անոնք կոչ ուղղեցին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունին իսկական բարեկարգում կատարելու Լիբանանի մէջ:

Միւս կողմէ, պետական պաշտօններու դիմելու ծիրին մէջ Քաղաքացիական ծառայութեան խորհուրդին պարտադրած քննութիւններուն ներկայացած եւ յաջողած մեծ թիւով երիտասարդներ իրենց կարգին ուղղուեցան մայրաքաղաք, ուր անոնք բողոքի ցոյց մը կատարեցին իրենց նկատմամբ լիբանանեան պետութեան ցուցաբերած անարդարութեան դէմ:

Ռիատ Սոլհի վրայ սկսած բողոքի ցոյցը հասաւ մինչեւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի Կեդրոնական Պէյրութի բնակարանը:

Ցուցարարները հաստատեցին, որ քննութիւնները յաջողելով հանդերձ պետութիւնը զիրենք նկատի չէ ունեցած, եւ անոնցմէ ոմանք հացադուլ յայտարարեցին:

Սակայն այդ որոշումը իսկոյն ջնջուեցաւ` վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ հանդիպելու խոստում ստանալէ ետք:

 

Նախորդը

Ժոմպլաթ Ընդունեց Զասիփքինը

Յաջորդը

Թրիփոլիի Մէջ . «Երկրին Ապահովական Կայունութիւնը Հակակշիռի Տակ Է, Իսկ Ազգային Կայունութեան Պաշտպանութիւնը Մեր Առաջնահերթութիւնն Է» Շեշտեց Զօր. Աուն

RelatedPosts

Բագրատունի Այցելեց Արտաքին  Գործոց Նախարար Եուսեֆ Ռաժժիին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Արտաքին Գործոց Նախարար Եուսեֆ Ռաժժիին

Մայիս 16, 2025
«Լիբանանի Կողքին Կը Կանգնինք, Եւ Կը Դատապարտենք  Անոր Գերիշխանութեան Վրայ Իսրայէլեան  Իրերայաջորդ Յարձակումները»  Կ՛ըսէ Իրաքի Արտաքին Գործոց Նախարարը
Լիբանանեան

«Լիբանանի Կողքին Կը Կանգնինք, Եւ Կը Դատապարտենք Անոր Գերիշխանութեան Վրայ Իսրայէլեան Իրերայաջորդ Յարձակումները» Կ՛ըսէ Իրաքի Արտաքին Գործոց Նախարարը

Մայիս 16, 2025
«Թրամփի Շրջան Այցելութիւնը Շատ Կարեւոր Է, Եւ Անկասկած Լիբանանի Թղթածրարը  Բանակցութեան Սեղանին Է»  Կ՛ըսէ Եգիպտոսի Դեսպանը
Լիբանանեան

«Թրամփի Շրջան Այցելութիւնը Շատ Կարեւոր Է, Եւ Անկասկած Լիբանանի Թղթածրարը Բանակցութեան Սեղանին Է» Կ՛ըսէ Եգիպտոսի Դեսպանը

Մայիս 16, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?