Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ստորագրելէ Ետք Ընտրական Խորհուրդները Աշխատանքի Հրաւիրող Հրամանագիրը, Նախագահ Աուն Այսօր Կը Մեկնի Քուէյթ

January 23, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ ստորագրեց ընտրական խորհուրդները աշխատանքի հրաւիրող հրամանագիրը, որուն լոյսին տակ ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք ընդգծեց հետեւեալը. «Նախագահ Աունի կողմէ ընտրական խորհուրդները աշխատանքի հրաւիրող հրամանագիրին վաւերացումը յստակ պատասխան մըն է բոլոր անոնց, որոնք երեսփոխանական ընտրութիւններուն կայացումը կասկածի տակ կ՛առնեն: Նախագահ Աունի առած այս քայլը կը հաստատէ, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի կատարուին սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին, եւ կարելի չէ հրաժարիլ այդ յանձնառութենէն»:

Նախագահական պալատին մէջ նախագահ Աուն ընդունեց Մարոնի համայնքի ընդհանուր համադաշնակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը, որուն ներկայութեան շեշտեց, թէ երեսփոխանական ընտրութիւնները կարմիր գիծ են եւ պիտի կատարուին 6 մայիսին` ի խնդիր երկրին մէջ ժողովրդավարութեան պահպանումին:

Նախագահ Աուն աւելցուց, որ բարեկարգումի եւ փտածութեան դէմ պայքարի ուղեգիծը մնայուն կերպով պիտի շարունակուի:

Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ սեփական դպրոցներու մէջ պաշտօնավարող ուսուցիչներու սենտիքայի գործադիր խորհուրդը` գլխաւորութեամբ սենտիքայի նախագահ Ռուտոլֆ Ապպուտի:

Հանդիպումին ընթացքին Ապպուտ նախագահ Աունին ներկայացուց աշխատավարձի յաւելումներուն վերաբերող թիւ 46 օրէնքին մասին ուսուցիչներուն կեցուածքը, ինչպէս նաեւ այդ օրէնքին նկատմամբ կրթական հաստատութիւններուն վերաբերումն ու այդ հարցին լուծման պատկերացումները:

Նախագահ Աուն հաստատեց, որ ինք այդ հարցը անձամբ կը հետապնդէ` աւելցնելով, որ ինք հանդիպումներ ունեցած է դպրոցներու պատասխանատուներուն եւ ծնողական խորհուրդներուն հետ` իմանալու անոնց տեսակէտները:

Ան շեշտեց, որ կառավարութիւնը մօտիկ ապագային պիտի գումարէ նիստ մը, որ պիտի յատկացուի կրթութեան մարզին` նշելով, որ այդ նիստին ընթացքին պիտի քննարկուին առաջարկուած լուծումները: «Պետութեան հովանաւորած այդ լուծումները պէտք է արդար ըլլան ե՛ւ ծնողներուն, ե՛ւ ուսուցիչներուն, ե՛ւ դպրոցներուն համար», ըսաւ նախագահ Աուն:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ ծրագրաւորումի հարցերու պետական նախարար Միշել Ֆարաոն, որ նախագահ Աունի հետ քննարկեց երկրին քաղաքական բեմը յուզող հարցերը:

Նշենք, որ նախագահ Աուն այսօր երկօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ մը պիտի մեկնի Քուէյթ` ընդառաջելով Քուէյթի շէյխ Սուպահ Ահմետ Ժապեր Սուպահ իշխանին հրաւէրին:

Այցելութեան ընթացքին պիտի քննարկուին լիբանանեան-քուէյթեան յարաբերութիւններն ու երկկողմանի գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները` բոլոր մարզերուն մէջ:

Կը նախատեսուի, որ քննարկուին նաեւ շրջանային եւ միջազգային ներկայ իրադարձութիւնները:

 

Նախորդը

Ժոմպլաթ Ապու Ֆաուրը Գործուղեց Պըրրիի Մօտ

Յաջորդը

Միացեալ Նահանգներու Ելեւմուտքի Նախարարի Օգնականը Այցելեց Նախագահ Աունի Եւ Վարչապետ Հարիրիի

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.