Նախկին նախարար Աշրաֆ Ռիֆի երէկ հովանաւորեց «Նաշիթուն» միութեան Բ. խորհրդաժողովը, որուն ընթացքին շեշտեց, որ առաջին անգամը չէ, որ իրենք շրջափակումի թիրախ կը դառնան: Ան աւելցուց, որ պատասխանատու պաշտօններ ստանձնելու ընթացքին դիմագրաւած են մեծ թիւով մարտահրաւէրներ եւ տոկացած, ու այդ պատճառով ալ այսօր իրենց կամքը աւելի հզօր է:
Ռիֆի ընդգծեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններէն ետք պիտի յայտարարէ քաղաքական նոր հոսանք մը` նշելով, որ լիբանանեան պետութեան մէջ գտնուող փոքր պետութիւնը եւ անոր դաշնակիցները բոլոր միջոցներուն դիմած են զիրենք վախցնելու, սակայն անոնք ձախողած են:
«Հզօրը այն է, որ կը դիմադրէ ժողովրդավարութեամբ, իսկ բռնութիւններու դիմող կողմերը պիտի ոչնչանան իրենց իսկ օգտագործած բռնութիւններէն», ըսաւ Ռիֆի:
Ան կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին ընտրելու փրկութիւնը` աւելցնելով, որ ինք կը հաւատայ քաղաքական դաշինքներու, որոնք բնականաբար կ՛ըլլան նաեւ ընտրական դաշինքներ, որոնց շրջագիծին մէջ քաղաքացիներուն կը ներկայացուի քաղաքական եւ բարեկարգչական յստակ ծրագիր մը, որուն գործադրութեան յանձնառու կը մնան զայն ներկայացնող քաղաքական ուժերը:



