Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան. «Կոչ Կ՛ուղղենք Լիբանանցիներուն Իսրայէլի Հետ Յարաբերութիւններու Բնականոնացումին Դիմադրելու»
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ երէկ նախագահեց պլոքի ընթացիկ նիստին, որուն ընթացքին պլոքը կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացումին դիմադրելու, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեց լիբանանեան պետութեան այս իմաստով իր յանձնառութիւնները յարգելու: Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքը նկատել տուաւ, որ Սայտայի պայթումին ընդմէջէն Լիբանանի դէմ նոր յարձակում մը կատարելու Իսրայէլի արարքը վտանգաւոր երեւոյթ է` լիբանանեան գերիշխանութիւնը խախտելու իմաստով: Պլոքը...



















