Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուրը, որ գործուղուած էր Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի կողմէ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկիրը յուզող իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Ապու Ֆաուր շեշտեց, որ շրջանաւարտ սպաներու վաստակին համապատասխան աստիճանի բարձրացում շնորհելու հրամանագիրը տակաւին կարելի չէ գործադրել, ինչպէս որ կարելի չէ անտեսել:
Ան շեշտեց, որ այդ թղթածրարին լուծումը կարելի է ապահովել միայն երկխօսութեամբ:
Ապու Ֆաուր ընդգծեց, որ այս թղթածրարը լուրջ է, եւ պէտք չէ որդեգրել այնպիսի կեցուածքներ, որոնց գերին կարելի է դառնալ ապագային:
Ապու Ֆաուր նկատել տուաւ, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի առաջին փորձ մը կատարած է այդ թղթածրարը լուծելու` մաղթելով, որ Հարիրի իր ջանքերը շարունակէ, որպէսզի կարելի ըլլայ այդ տագնապէն ձերբազատելու ելք մը գտնել:
Ապու Ֆաուր հաստատեց, որ պէտք է վերադառնալ Թաէֆի համաձայնագիրը յարգելու կարեւորութեան` աւելցնելով, որ Թաէֆը համաձայնագիր ըլլալէ առաջ ոգի է եւ պէտք չէ շրջանցել զայն:
Ան յոյս յայտնեց, որ Հարիրի իր նախաձեռնութիւնը շարունակէ` մտահոգութիւն յայտնելով, որ ոմանք կը փափաքին Թաէֆը անտեսել:
Խորհրդարանի նախագահին այցելեց նաեւ Ազգային երկխօսութիւն կուսակցութեան նախագահ Ֆուատ Մախզումի:
Հանդիպումէն ետք Մախզումի նշեց, որ ինք Պըրրիին ներկայացուցած է Նոր տարուան իր շնորհաւորութիւնները` մաղթելով, որ 2018-ն ըլլայ երիտասարդներու շահերուն ծառայող փոփոխութեան տարի մը:
Մախզումի նկատել տուաւ, որ փոփոխութիւնը կարելի է ապահովել երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընդմէջէն` աւելցնելով, որ ընտրութիւնները պէտք է կատարուին սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին:
Մախզումի մաղթեց, որ 6 մայիսին երկրին քաղաքական կայունութիւնը յամենայ եւ ապահովական կառոյցները հսկեն երեսփոխանական ընտրութիւններու հեզասահ ընթացքին: Ան յոյս յայտնեց նաեւ, որ կառավարութիւնը գործէ ի խնդիր լիբանանցիներու շահերուն եւ յատկապէս երկրի տնտեսական իրավիճակին բարելաւման:



