Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յունուար 22, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը երէկ ձերբակալեց սուրիացի մը եւ լիբանանցի մը, որոնք 18 յունուար 2018-ին գողցած էին Լիբանանեան-զուիցերիական դրամատան Պիր Հասանի մասնաճիւղը:

ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարար Ռաէտ Խուրի շեշտեց, որ «Փարիզ 4» խորհրդաժողովը յաջողցնելու իմաստով լուրջ երաշխիքներ գոյութիւն ունին, իսկ երկրին տնտեսական բարգաւաճումը խախտող բոլոր արգելքները վերացնելու ջանքեր կան:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Փիեռ Ապու Ասի հաստատեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն ինք պիտի ըլլայ Պաապտայի մէջ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան թեկնածուներէն:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ իրենք կառչած կը մնան ընտրական օրէնքին կրելիք բարեկարգումներուն` աւելցնելով, որ այդ մասին արձանագրուած տարակարծութիւններն ու բանավէճերը ոչ մէկ կերպով պիտի ազդեն երեսփոխանական ընտրութիւններուն վրայ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան հաստատեց, որ կառավարութենէն կը պահանջուի հանդիպիլ եւ քննարկել 2018-ի պետական ամավարկը:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ հաստատեց, որ ընտրական դաշինքներուն պատկերը տակաւին չէ յստակացած` աւելցնելով, որ ներկայիս գնդակը կը գտնուի Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան դաշտին վրայ: Շրջանաւարտ սպաներուն հարցին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ժեմայէլ շեշտեց, որ անիկա հանրապետութեան եւ խորհրդարանի նախագահներուն միջեւ քաղաքական հարց մըն է եւ ոչ թէ սահմանադրական:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Հասան շեշտեց, որ Հըզպալլա բոլոր ընտրաշրջաններուն մէջ պիտի դաշնակցի Ամալ շարժումին հետ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նաժի Ղարիոս յայտնեց, որ իրենք չեն փափաքիր երեսփոխանական ընտրութիւնները խոչընդոտել եւ կ՛ընդգծեն այդ ընտրութիւնները ճշդուած թուականին կատարելու կարեւորութիւնը:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի խորհրդատու Խալտուն Շարիֆ շեշտեց, որ պէտք է ընտրական դաշինքները լաւ սերտուին` նկատի ունենալով ընտրական նոր օրէնքը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Քարամ յայտնեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքին հետ յարաբերութիւնները դրական ընթացք ունին` աւելցնելով, որ Քուրայի մէջ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան թեկնածուն ինքն է:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նաամթալլա Ապի Նասըր յայտնեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները 20 օրով յետաձգելու իմաստով ինք ոչ մէկ հարց կը տեսնէ, եթէ անիկա կ՛արտօնէ, որ աւելի մեծ թիւով արտերկրի լիբանանցիներ մասնակցին այդ ընտրութիւններուն:

ՏԵՂԱՀԱՆՈՒԱԾՆԵՐՈՒ հարցերու պետական նախարար Մույին Մերեհպի շեշտեց, որ եթէ ընտրական օրէնքին վերաբերող փոփոխութիւնները չկատարուին, ապա երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշդուած թուականին պիտի կատարուին:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ղասսան Մուխայպեր շեշտեց, որ պէտք է հզօրացնել լիբանանեան ապահովական ուժերը, որոնք փաստեցին, թէ կը հսկեն երկրին անդորրին ու քաղաքացիին անվտանգութեան:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Հատի Հպէյշ հաստատեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն օրէնքը բարեկարգումներու պիտի չենթարկուի եւ ընտրութիւնները պիտի չյետաձգուին:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Միշել Մուսա յայտնեց, որ շրջանաւարտ սպաներուն թղթածրարը լուծելու նշոյլ մը իսկ չկայ: Ան շեշտեց, որ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ գրեթէ աւարտած է 2018-ի պետական ամավարկի պատրաստութիւնը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ամմար Հուրի շեշտեց, որ Սէուտական Արաբիա շահագրգռուած է Լիբանանի ապահովական կայունութեան պահպանումով` աւելցնելով, որ Ռիատ ոչ մէկ ձեւով պիտի միջամտէ Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններուն:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն հաստատեց իր թեկնածութիւնը` յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն: Ան շեշտեց, որ ինք պիտի մնայ քաղաքական նոյն խմբաւորումին մէջ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Անուար Խալիլ յայտնեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն կայացումը ազգային-քաղաքական որոշում մըն է, որմէ կարելի չէ հրաժարիլ:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Իպրահիմ Նաժժար ընդգծեց, որ դժուար է միաժամանակ ընտրական օրէնքը փոփոխութեան ենթարկել եւ երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշդուած թուականին կատարել:

ՆԱՍԸՐԱԿԱՆ շարժումի ընդհանուր քարտուղար Ուսամա Սաատ հաստատեց, որ իրենց գոյացնելիք ընտրական դաշինքները պիտի ըլլան իրենց քաղաքական սկզբունքներուն նման տեսակէտներ ու կեցուածքներ ունեցող քաղաքական ուժերու հետ:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ թռիչքներ կատարեց Արքուպի, Մերժահիունի, Հասպայայի, ինչպէս նաեւ արեւելեան եւ արեւմտեան Պեքաաներու վերեւ` ոտնձգութիւններ գործելով լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ:

ԱՄԱԼ շարժումի պատասխանատուներէն Խալիլ Համտան հաստատեց, որ շարժումը կառչած կը մնայ երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշդուած թուականին կատարելու յանձնառութեան:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Աունի մօտիկ աղբիւրներ տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշիին յայտնած են, թէ միջքրիստոնէական հաշտութեան թղթածրարը սուրբ է եւ ոչինչ կրնայ զիրենք ետ մղել այդ հաշտութեան նկատմամբ իրենց ցուցաբերած յանձնառութենէն: Նոյն օրաթերթին համաձայն, կառավարութիւնը այս շաբաթ ընթացիկ նիստ պիտի չգումարէ` վարչապետ Սաատ Հարիրիի Զուիցերիա կատարելիք այցելութեան եւ հանրապետութեան նախագահ Աուն Քուէյթ կատարելիք պաշտօնական այցելութեան պատճառով:

«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով դատական աղբիւրներէ, կը հաստատէ, որ դատական իշխանութիւնները երկրին մէջ առկայ քաղաքական տարակարծութիւններուն մաս չեն կազմեր:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի միջեւ հաւանական հանդիպումը արգելակող բոլոր խոչընդոտները վերացած են:

 

 

Նախորդը

Թուրքիա Իր Բանակին Աֆրին Մուտքը Կը Յայտարարէ, Քրտական Ուժերը Կը Հերքեն

Յաջորդը

Ռիֆի. «Երեսփոխանական Ընտրութիւններէն Ետք Պիտի Յայտարարենք Քաղաքական Նոր Հոսանք Մը»

RelatedPosts

Սալամ Յորդանան Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Յորդանան Այցելեց

Օգոստոս 20, 2025
Նախագահ Աուն. «Լիբանան Կառչած Կը Մնայ Մինչեւ  Թիւ 1701 Որոշումի Գործադրման Համար Անհրաժեշտ  Ժամանակով ՖԻՆԻՒԼ-ի Ներկայութեան»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Լիբանան Կառչած Կը Մնայ Մինչեւ Թիւ 1701 Որոշումի Գործադրման Համար Անհրաժեշտ Ժամանակով ՖԻՆԻՒԼ-ի Ներկայութեան»

Օգոստոս 20, 2025
Ապահովութեան Խորհուրդը Սկսաւ Քննարկել  ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Վերաբերեալ  Ֆրանսական Նախագիծը
Լիբանանեան

Ապահովութեան Խորհուրդը Սկսաւ Քննարկել ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Վերաբերեալ Ֆրանսական Նախագիծը

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?