ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը երէկ Արսալի մէջ ձերբակալեց Ժապհաթ Նուսրայի անդամ սուրիացի մը:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Թուրքիոյ դեսպան Չաղաթայ Էրճիեշ երէկ հրաժեշտի այցելութիւններ տուաւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի, նախկին վարչապետներ Ֆուատ Սինիորայի ու Նեժիպ Միքաթիի եւ Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսմանի:
ՏԵՂԱՀԱՆՈՒԱԾՆԵՐՈՒ հարցերու պետական նախարար Մույին Մերեհպի երէկ ցաւ յայտնեց Սուէյրիի բարձունքներուն վրայ արձանագրուած պատահարին գծով` աւելցնելով, որ Լիբանան կարողութիւն չունի յաւելեալ տեղահանուածներ հիւրընկալելու:
ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Եուսեֆ Ֆընիանոս երէկ ընդունեց խորհրդարանի հարցերու պետական նախարար Ալի Քանսոն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկրին բարգաւաճման վերաբերող հարցեր:
ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ ընդունեց նախկին նախարարներ Նաժի Պուսթանին եւ Մարիօ Աունը, որոնց հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:
ԾՐԱԳՐԱՒՈՐՈՒՄԻ հարցերու պետական նախարար Միշել Ֆարաոն շեշտեց, որ ընկերային հարցերու լուծումը եւ բարգաւաճման ծրագիրներու գործադրութիւնը պիտի անջատուին քաղաքական որեւէ տարակարծութենէ:
ԻԹԹԻՀԱՏ կուսակցութեան ղեկավար Ապտել Ռահիմ Մըրատ յայտնեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները Լիբանանի քաղաքական կեանքը կրնան վերաշխուժացնել:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ շեշտեց, որ պէտք է զգուշանալ սահմանամերձ շրջանին մէջ Իսրայէլի կառուցած քարէ պատնէշին վտանգներէն:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա կոչ ուղղեց օրինականացած ծախսեր կատարելու: Ան ընդգծեց, որ 2018-ի պետական ամավարկը կառավարութիւնը պէտք է վաւերացնէ եւ զայն խորհրդարան ուղարկէ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ամմար Հուրի հաստատեց, որ ընտրական օրէնքին գծով արձանագրուելիք փոփոխութիւնները բոլոր կողմերը կը մղէ իրենց կարգին բարեփոխումներ առաջարկելու:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն ընդգծեց, որ շրջանաւարտ սպաներուն վերաբերող հրամանագիրին տագնապը մէկդի դրուած է եւ հաւանաբար դարձեալ արծարծուի երեսփոխանական ընտրութիւններէն ետք: Ան նշեց, որ Մարատա հոսանքին հետ ընտրական դաշինքներ պիտի չըլլան:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Միշել Մուսա յայտնեց, որ ընտրական օրէնքը փոփոխութեան ենթարկելը շատ դժուար է:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ տիրող քաղաքական մթնոլորտը ապառողջ է եւ անյարմար` ընտրական օրէնքը բարեփոխելու իմաստով:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի շեշտեց, որ ինք ընդհանուր ներում շնորհելու սկզբունքին դէմ է` աւելցնելով, որ անկարելի է արդարացնել այդ ներումը շնորհելու քայլը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի երէկ այցելեց Պետական անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Թոնի Սալիպայի, որուն հետ քննարկեց երկիրը յուզող ապահովական իրադարձութիւնները:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ հանդիպումի նշոյլներ չկան:
«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ կիրակի օր պիտի յայտարարէ երեսփոխանական ընտրութիւններուն առաջադրուելիք կուսակցութեան թեկնածուներուն անուանացանկը:


