Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրէ ետք Պաապտայի մէջ նախագահեց Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան վարչապետ Սաատ Հարիրի, պաշտպանութեան նախարար Եագուպ Սարրաֆ, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ, ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք, արդարութեան նախարար Սելիմ Ժրայսաթի, բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ, Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն գնդապետ-զօրավար Իմատ Օսման, Պետական անվտանգութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Թոնի Սալիպա, Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար հազարապետ-զօրավար Սաատալլա Համատ եւ բանակի գաղտնի սպասարկութեան ընդհանուր տնօրէն գնդապետ-զօրավար Անթուան Մանսուր:
Նիստին ներկայ գտնուեցան նաեւ հանրապետութեան նախագահութեան ընդհանուր տնօրէն Անթուան Շուքէյր եւ հանրապետութեան նախագահի զինուորական խորհրդատու գնդապետ-զօրավար Փոլ Մաթար:
Նիստին ընթացքին քննարկուեցան «Հռոմ 2» խորհրդաժողովին ներկայացուելիք Լիբանանի պահանջները:
Նիստէն ետք կարդացուեցաւ խորհուրդէն բխած հաղորդագրութիւնը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ նախագահ Աուն ապահովական կառոյցներու պատասխանատուներուն տուած է իր ցուցմունքները` երկրին ապահովութեան հսկելու եւ ապահովական որեւէ խախտում տեղւոյն վրայ հակակշռելու իմաստով:
Հաղորդագրութեան մէջ շեշտուեցաւ, որ նախագահ Աուն ողջունած է բոլոր ջանքերը, որոնց շնորհիւ երկրին անդորրը կը պահպանուի:
«Ապա զօր. Աուն եւ հազարապետ-զօրավար Օսման ներկայացուցած են իրենց պահանջները, որոնք պիտի յայտարարեն փետրուարին գումարուելիք «Հռոմ 2» խորհրդաժողովին ընթացքին», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:
Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդը քննարկեց նաեւ Կապոյտ գիծին վրայ Իսրայէլի կառուցած պատին նկատմամբ լիբանանեան պետութեան վերապահութիւնը` նկատի ունենալով, որ անիկա Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի խախտում է:
Նիստին ընթացքին որոշուեցաւ բոլոր միջոցներուն դիմել` արգիլելու այս խախտումը, իսկ այլ քննարկումներու իմաստով Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդը տուաւ որոշումներ, որոնք ըստ օրէնքի կը մնան գաղտնի:
Նշենք, որ նախքան նիստին գումարումը, նախագահ Աուն դռնփակ հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ:



