Կիտանեան. «Լիբանանցիներուն Կը Սպասէ Խոստմնալից Զբօսաշրջական Եղանակ Մը»
Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան հպարտութիւնը յայտնեց նախորդ տարի զբօսաշրջութեան մարզին մէջ արձանագրուած նուաճումներուն համար: Ան լիբանանցիներուն ուղղելով խօսքը` ըսաւ. «Լիբանան կը գտնուի զբօսաշրջութեան խոստմնալից եղանակի մը սեմին, երկրին մէջ տիրող ապահովական կայունութեան լոյսին տակ»: Բացումը կատարելով «Travel Lebanon» 5-րդ նախաձեռնութեան, պարտէզներու ցուցահանդէսի եւ գարնան փառատօնի ծիրին մէջ, նախարար Կիտանեան յայտնեց, թէ այս ամառ իւրայատուկ պիտի ըլլայ, եւ կ՛ակնալուի, թէ անիկա...




















