Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ մերժեց կարգ մը կողմերուն այն պատկերացումները, թէ իր կուսակցութեան եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ բարեկամական կապերը վերջինին համար ուղի պիտի ըլլան մուտք գործելու լիբանանեան թատերաբեմ, մանաւանդ որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը կրնայ կառավարութեան մէջ իր կշիռը ունեցող նախարարութիւն մը ստանձնել: Ան նաեւ շեշտեց, որ սուրիացի գաղթականները պէտք է իրենց երկիրը վերադառնան, որովհետեւ Լիբանան այլեւս անկարող է անոնց բեռը տանելու:
«Գերմանական լրատու գործակալութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավարը շեշտեց, որ իրենք զիրենք կը ներկայացնեն կառավարութեան մէջ եւ հետամուտ են լիբանանեան շահերու պաշտպանութեան, իսկ «կառավարութեան մէջ մեր մասնաբաժինը մե՛րը պիտի ըլլայ, եւ երբեք` Սէուտական Արաբիոյ կամ որեւէ այլ պետութեան: Թէեւ մենք իսկապէս բարեկամ ենք Սէուտական Արաբիոյ հետ, սակայն ասիկա ուրիշ բան է, իսկ Լիբանանի մէջ մեր գործունէութիւնը` ամբողջովին այլ բան»:
Սամիր Ժահժահ յստակացուց, որ անճիշդ են Հըզպալլայի գործադիր խորհուրդի պատասխանատու շէյխ Նեպիլ Քաուքի այն ամբաստանութիւնները, որոնց համաձայն, Սէուտական Արաբիա կը խանգարէ կառավարութեան կազմութիւնը, որովհետեւ կը պահանջէ գործադրել իր պայմանները` իրեն կողմնակից քաղաքական ուժերուն կարեւոր մասնաբաժին տալու: Ժահժահի համաձայն, եթէ արտաքին միջամտութիւններուն մասին պիտի խօսինք, ուրեմն պէտք չէ զանց առնենք նաեւ տարեկան մեծագումար ներդրումները տարբեր երկիրներէ:
Իր խօսքի աւարտին ան դիտել տուաւ, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան մասնաբաժինին պատճառով չէ, որ կ՛ուշանայ կառավարութեան կազմութիւնը:



