Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրանսայի Դեսպանը Պաապտայէն. «Նեցուկ Կը Կանգնինք Լիբանանին Եւ «Հռոմ 2» Եւ «Սետր» Վեհաժողովներու Որոշումներուն Իրականացման»

June 14, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէն, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային կացութիւնը, նաեւ լիբանանեան-ֆրանսական յարաբերութիւններու զարգացումը բոլոր մարզերուն մէջ: Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ սուրիացի գաղթականներու տունդարձի հարցին եւ անոր հանդէպ Լիբանանի կեցուածքին: Ֆուշէ ընդգծեց Ֆրանսայի աջակցութիւնը Լիբանանին, յատկապէս «Հռոմ 2» եւ «Սետր» վեհաժողովներու որոշումներուն եւ առաջարկներուն իրականացման վերաբերեալ:

Նախագահը նաեւ ընդունեց երեսփոխան Ատնան Թրապուլսին, որ հանդիպումէն ետք ըսաւ, թէ նախագահին հետ քննարկած է երկրին ընդհանուր կացութիւնը, յատկապէս նոր կառավարութեան արագ կազմութիւնը, սակայն ոչ շտապելով` տրուած ըլլալով, որ կառավարութեան դիմաց կան բազմաթիւ թղթածրարներ եւ դատեր, որոնց լուծման կը սպասէ Լիբանանի ժողովուրդը: Թրապուլսի աւելցուց, որ լսած է նաեւ նախագահին կարծիքը եւ ստացած է յանձնարարութիւնները` կարգ մը դատերու վերաբերեալ:

Նախագահ Աուն երեսփոխան Ասաատ Տորղամի հետ քննարկեց Աքքար շրջանի կարիքները եւ բնակիչներուն պահանջները: Տորղամ նախագահ Աունը հրաւիրեց Աքքար եւ անոր հետ քննարկեց շրջանին վերաբերող կարգ մը զարգացման թղթածրարներ: Տորղամ նաեւ պահանջեց զինուորական հիւանդանոցի կառուցումը Աքքարի մէջ` նշելով, որ նախագահ Աուն աջակցութիւն ցուցաբերեց այս պահանջին:

Նախագահ Աուն ընդունեց նաեւ երեսփոխան Նիքոլա Սահնաուին, որուն հետ քննարկեց Պէյրութ Ա. շրջանի կարիքները եւ  զարգացման թղթածրարներու մշակումը` անդրադառնալով նաեւ Պէյրութի քաղաքապետարանին գործընկերութեան հարցին: Երեսփոխան Սահնաուի նշեց, որ քննարկուած են նաեւ նոր կառավարութեան կազմութեան գործընթացը եւ այժմէական հարցեր:

 

 

Նախորդը

Պըրրի Ապահովական Կացութիւնը Քննարկեց Բանակի Հրամանատարին Եւ Գաղտնի Սպասարկութեան Տնօրէնին Հետ

Յաջորդը

Ռուհանիի Հետ Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Մը Ընթացքին. «Հիւլէական Ծրագիրին Համաձայնութիւնը Տապալել Փորձողներուն Պէտք Չէ Առիթ Ընծայել» Կ՛ըսէ Մաքրոն

RelatedPosts

Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ  Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը
Լիբանանեան

Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը

October 26, 2026
Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ  Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»
Լիբանանեան

Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.