Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Ընդունեց Վարչապետ Սաատ Հարիրին

June 12, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ, 11 յունիսին Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն հանդիպում ունեցաւ կառավարութիւն կազմելու պարտականութիւն ստանձնած վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ, որմէ տեղակացաւ այս գծով կատարած աշխատանքներուն մասին, որոնք կը միտին կարելի եղածին չափ շուտ լոյս աշխարհ բերել կառավարութիւնը:

Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրի նախագահական պալատին մէջ նախագահ Աունին հետ հանդիպումէն ետք վստահեցուց, որ բոլորը կ՛ուզեն կառավարութեան դիւրին եւ արագ կազմութիւնը` նշելով, որ ասիկա բոլորին կը պարտադրէ զոհողութիւններ եւ համապատասխան լուծումներ:

Ան յայտարարեց, որ նախագահ Աունին հետ կազմած են պատկերացում մը կարելի եղածին չափ ճիշդ բաժանում ընելու, որովհետեւ անհրաժեշտ է կառավարութեան արագ կազմութիւնը, սակայն ասիկա պէտք չէ կատարուի խումբի մը հաշուոյն, մանաւանդ որ կառավարութեան կազմութիւնը կը յաջորդէ յաջող ընտրութիւններու, որոնց ընթացքին ոմանք նկատելի նուաճումներ արձանագրեցին: Վարչապետ Հարիրի ընդգծեց, որ ան որ նուաճում կատարած է պէտք է ցոյց տայ այդ նուաճումը, բայց չափազանցութիւն կայ որոշ պահանջներու մէջ, եւ պէտք է նուազեցնել այս չափազանցութիւնը, որովհետեւ քաղաքացին չ՛ակնկալեր թիւերու աճ, այլ աշխատանքի աճ կառավարութեան մէջ: Ան յայտնեց, որ նախագահին հետ քննարկած է այս հարցը եւ լաւատես է:

Վարչապետ Հարիրի զարմանք յայտնեց կարգ մը թերթերու գրածներուն, որ կառավարութեան կազմութիւնը պիտի ուշանայ, եւ թէ ինք արտաքին հրահանգներու կը սպասէ` դիտել տալով, որ ինք կը ցաւի այս վելուծումներուն համար: Ան նշեց, որ Լիբանան կը գտնուի շրջանային դժուար պայմաններու մէջ, եւ ազգային միասնականութիւնը պէտք է ամուր ըլլայ` տրուած ըլլալով, որ կան տնտեսական մարտահրաւէրներ, սակայն բարեկարգումներ կատարելը դժուար, բայց անհրաժեշտ պիտի ըլլայ: Վարչապետը աւելցուց, որ պէտք է կատարել կառուցային բարեկարգումներ նախարարութիւններուն եւ հաստատութիւններուն մէջ, եւ իւրաքանչիւր անհատ պէտք է կատարէ իր գործը:

«Ես կ՛ուզեմ կառավարութեան արագ կազմութիւնը, բայց ոչ շտապելով. ես բոլորին հետ կը զրուցեմ, սակայն ցարդ Փաղանգաւոր կուսակցութեան հետ զրոյց չէ եղած: Կը յուսանք, որ ատիկա տեղի ունենայ, քանի որ կ՛ուզենք, որ կառավարութիւնը ընդգրկէ բոլոր ուժերը: Եւ պիտի կատարուի երկխօսութիւն բոլոր կողմերուն հետ յստակացնելու համար հարցերը», եզրափակեց վարչապետը:

Նախորդը

Նախագահ Աուն` Աշակերտներուն. «Կեանքի Կամքը Մեզ Կը Մղէ Աշխատիլ Ապագայի Համար Եւ Դուք Իւրայատուկ Մաս Մըն Էք Այս Հասարակութեան»

Յաջորդը

«Սի.Այ.Էյ.»-ի Նախկին Ղեկավարը Թրամփը Կոչած Է «Ժամանակաւոր Թիւրիմացութիւն»

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.