Խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէն, որուն հետ քննարկեց ներկայ իրադարձութիւնները: Ապա Պըրրի ընդունեց Լիբանանի մէջ Պոսնիոյ դեսպան Հարիս Լոքովիչ` անոր առաքելութեան աւարտին առիթով: Դեսպանին կ՛ընկերակցէր հիւպատոս Զիատ Իսա:
Պըրրի երեսփոխան Ալպեր Մանսուրի հետ քննարկեց իրադարձութիւնները, եւ ընդունեց Հարաւի երկրագործները ներկայացնող խումբ մը` նախագահութեամբ անոր նախագահին` Մոհամետ Հիւսէյնի: Քննարկուեցան հողագործներուն մտահոգութիւնները եւ շարք մը պահանջներ: