Երեսփոխան Ապտել Ռահիմ Մրատ յայտնեց, որ ոչ ժամանակը, ոչ ալ բովանդակութիւնը յարմար էին այս հանգրուանին հրապարակելու քաղաքացիութիւն շնորհելու հրամանագիրը` յոյս յայտնելով, որ հրամանագիրի ուսումնասիրութիւնը կը յանգի անոր սրբագրութեան:
Մրատ շեշտեց, որ այս սխալին համար պատասխանատու են բոլոր ստորագրեալները, ներառեալ` արտաքին գործոց նախարարը եւ վարչապետը, եւ ոչ միայն նախագահ Միշել Աունը: Ան նշեց, որ քաղաքացիութիւն շնորհելու առաջնահերթութիւնը կը տրուի անոնց, որոնց թղթածրարները մնացին սերտելու փուլին մէջ` 1994-ին հրատարակուած հրամանագիրէն ի վեր:
Ան յստակացուց, որ այս հրամանագիրը պակասաւոր է եւ պէտք է ամբողջանայ, որովհետեւ ողբերգութիւն է որոշ ընտանիքներու հաշուոյն, ոմանք ստացան քաղաքացիութիւնը, ոմանք` ոչ, երբ անոնք Լիբանան ծնած են 150 տարի է ի վեր:
Մրատ իր համաձայնութիւնը յայտնեց քաղաքացիութիւն շնորհելու ոչ լիբանանցի մարդու մը հետ ամուսնացած լիբանանցի մօր զաւակներուն:



