Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասիլի Գրասենեակի Տնօրէն. «Միջազգային Կազմակերպութիւնները Պէտք Է Աշխատին Լիբանանի Օրէնքներուն Համաձայն»

June 13, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի գրասենեակի տնօրէն Հատի Հաշիմ շեշտեց, որ իրենք գիտակից են իրենց տուած որոշումին` գաղթականներու հարցերով զբաղող ՄԱԿ-ի ներկայացուցչութեան նկատմամբ, նշելով, որ եթէ ՄԱԿ-ի կողմէ տրուած նիւթական պարգեւները նպատակ ունին քաջալերել գաղթականներու բնակեցումը, ուրեմն ատիկա մերժելի կը դառնայ: Ըստ անոր, իրենք ձայնով եւ պատկերով փաստագրած են ներկայացուցչութեան փորձերը` վախցնելու սուրիացիները, որոնք կ՛ուզեն վերադառնալ Արսալէն` Սուրիա եւ վախ սփռելով անոնց հոգիներուն մէջ:

Հաշիմ պատկերասփիւռային զրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ որոշումը կարեւոր է նոյնիսկ եթէ կառավարութիւնը կը գտնուի անցումային փուլի մէջ, եւ Պասիլի որոշումը կը մտնէ այս ծիրին մէջ` նշելով, որ Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութեան գործը ներդաշնակելն է ծրագիրը, զոր կ՛իրականացնէ գաղթականներու հարցերու ՄԱԿ-ի ներկայացուցչութիւնը, որ պէտք է աշխատի Լիբանանի օրէնքներուն համաձայն: Ըստ Հաշիմի, լիբանանցիները միասնական են սուրիացիներուն տունդարձին վերաբերեալ, եւ պաշտօնական Լիբանանը, գլխաւորութեամբ վարչապետին, համաձայն է այս որոշումին:

Ան յստակացուց, որ համակարգուած քարոզարշաւ մը կայ ներկայացուցչութեան կողմէ խանգարելու գաղթականներուն վերադարձը` նշելով, որ Սուրիա մեկնող փոխադրակառքերուն մէջ կինը այրէն զատելու հարցը կը ներառուի այս վերադարձը արգելափակելու ծիրին մէջ:

Ան յայտնեց, որ այն գաղթականները, որոնք որոշեցին վերադառնալ, կապ հաստատեցին իրենց բարեկամներուն եւ ազգականներուն հետ եւ անոնք Սուրիա կը մեկնին տեղեակ ըլլալով ապահովական վիճակէն: «Մենք արդէն չենք ընդունիր, որ անապահով վայրեր վերադառնան», շեշտեց Հաշիմ: Հաշիմ բացատրեց, որ Սուրիոյ շրջաններուն 80 առ հարիւրը ապահով է, մեծ քաղաքները ապահով են, մինչ Լիբանանի մէջ չկան պայմանները սուրիացիներուն բարեկիրթ կեանք ապահովելու համար: Ան վստահեցուց, որ Լիբանան գտնուողներուն մեծ մասը չի պատկանիր Սուրիոյ պատերազմի որեւէ կողմի, անոնք պարզապէս գաղթականներ են եւ, կացութեան բարելաւումէն ետք, ժամանակն է, որ վերադառնան, իսկ Լիբանան պէտք է կազմակերպէ այս վերադարձը:

Հաշիմ նշեց, որ Լիբանան սիրով ընդունած է մէկուկէս միլիոն սուրիացի վերջին 7 տարիներուն ընթացքին, սակայն Լիբանան չի հանդուրժեր եւրոպական երկիրներուն խրատները: Ան աւելցուց, որ ներկայացուցչութիւնը սահմանները կը փակէ գաղթականներու երեսին, փորձ կը կատարէ վռնտել այն անձը, որ կը մտնէ Սուրիա, եւ դաւադրութիւն կը սարքէ Լիբանանի դէմ` գաղթականներու հարցով:

Նախորդը

Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Մար Աֆրամ Բ. Պատրիարքը Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

Յաջորդը

Խազեն. «Լիբանանի Դէմ Իսրայէլի Սպառնալիքներէն Աւելի Վտանգաւոր Է Առանց Կառավարութեան Մնալը»

RelatedPosts

Հեռաձայնելով Սալամին`  «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային  Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

Հեռաձայնելով Սալամին` «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

November 4, 2026
Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող  «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի  Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց
Լիբանանեան

Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց

November 4, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց  Պատուելի Թերզեանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Պատուելի Թերզեանը

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.