Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն. «Հպարտ Ենք Լիբանանի Ժողովուրդին Ունեցած Չափաւորութեան»

June 13, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն իր այցելուներուն հետ ունեցած զրոյցին ընդմէջէն վստահեցուց, որ Լիբանան թէեւ փոքր է տարածքով, բայց իր ժողովուրդին միջոցով կը ծածկէ ամբողջ աշխարհը, անդրադառնալով իսլամներուն եւ քրիստոնեաներուն միջեւ համակեցութեան, եւ հպարտութիւն յայտնելով այն չափաւորութեան համար, զոր ունի Լիբանանի ժողովուրդը, որ կրնայ գոյակցիլ որեւէ այլ ժողովուրդի եւ քաղաքակրթութեան հետ:

Նախագահ Աուն ընդունեց զօր. Ժամիլ Սէյիտը` Լա Հէյէն վերադարձին, ուր ներկայացուցած էր իր վկայութիւնը նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան թղթածրարին վերաբերող միջազգային դատական ատեանին:

Երեսփոխան Սէյիտ նախագահին իրազեկ դարձուց դատական ատեանին ընթացքին մասին եւ անոր հետ քննարկեց ներքին կացութիւնը, յատկապէս ինչ կը վերաբերի կառավարութեան կազմութեան եւ Հարաւային սահմանը գծելու վերաբերեալ հարցին:

Սէյիտ նշեց, որ ինք շնորհակալութիւն յայտնած է նախագահին` Պեքաայի, կացութեան նկատմամբ անոր ցուցաբերած հետաքրքրութեան համար յատկապէս Պաալպեք-Հերմելի հանդէպ, որուն ապահովութեան եւ զարգացման մարզերու բարելաւում կ՛ակնկալուի:

Նախագահ Աուն ընդունեց նաեւ երեսփոխան Հենրի Շըտիտը, որ նախագահին շնորհակալութիւն յայտնեց այն կեցուածքներուն եւ նախաձեռնութիւններուն համար, որոնք ցոյց կու տան նախագահին հայրական մօտեցումը բոլորին հանդէպ: Շըտիտ նշեց, որ անոնք նաեւ անդրադարձան արեւմտեան Պեքաայի պահանջներուն, որոնց հանդէպ նախագահը հետաքրքրութիւն ցուցաբերեց եւ խոստացաւ հետապնդել անոնց իրականացումը:

Անդրադառնալով Փարիզի «Սետըր» վեհաժողովին, երեսփոխան Շըտիտ դիտել տուաւ, որ նախագահին մանրամասն ներկայացուցած է ծրագիրները, որոնք պիտի իրականացուին վարկերու միջոցով, եւ զորս պիտի վաւերացնէ վեհաժողովը:

Նախորդը

Հարիրի. «Գաղթականներու Տագնապին Վերջնական Լուծումը Անոնց` Սուրիա Վերադարձն Է»

Յաջորդը

Չաւուշօղլու. «Քանտիլը Գետնին Պիտի Հաւասարեցնենք»

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.