Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարիրի. «Գաղթականներու Տագնապին Վերջնական Լուծումը Անոնց` Սուրիա Վերադարձն Է»

June 13, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց  Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրի  գործակատար Ֆիլիփ Լազարինին` ընկերակցութեամբ ՄԱԿ-ի գաղթականներուն հարցերու գերագոյն խորհուրդի ներկայացուցիչ Միրէյ Ժերարի: Հանդիպումէն ետք վարչապետ Հարիրի կարեւոր նկատեց այս հանդիպումը երկու կողմերուն համար, որովհետեւ, ըստ անոր, ՄԱԿ-ը այսօր գործընկեր է Լիբանանին` լուծելու գաղթականներու հարցը: Ան նշեց, որ երկու կողմերուն համար ալ վերջնական լուծումը գաղթականներուն Սուրիա վերադարձն է` նշելով, որ երկուքը այս եզրակացութեան հասած են եւ ատիկա ուղղակիօրէն անոնցմէ ալ պիտի լսուի:

Իր կարգին, Լազարինի ընդգծեց, որ Հարիրիին հետ ունեցած են արդիւնաւէտ եւ կառուցողական հանդիպում, որուն ընթացքին շեշտուած է ՄԱԿ-ի գործակցութիւնը Լիբանանի հետ` լուծելու սուրիացի գաղթականներուն տագնապը:

Ան դիտել տուաւ, որ ՄԱԿ-ը միշտ ալ ընդգծած է, որ Սուրիա վերադարձը կամ զանոնք երրորդ երկիր մը փոխադրելը երկու միակ լուծումներն են: «Մենք կը յարգենք անոնց անձնական որոշումը` իրենց տունը վերադառնալու եւ երբեք արգելք չենք հանդիսանար որեւէ վերադարձի, որ հիմնուած է իրենց անձնական որոշումին վրայ»:

Ան շեշտեց, որ անհաւատալի է, որ ՄԱԿ-ը արգելք հանդիսանայ գաղթականներու որոշումին` իրենց ապագային վերաբերեալ:

Միւս կողմէ, Հարիրի ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէն, որուն հետ քննարկեց ընդհանուր կացութիւնը եւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Ան հանդիպում ունեցաւ նաեւ Պէյրութի Սեն Ժոզեֆ համալսարանի նախագահ, Հայր Սելիմ Տաքքաշի հետ, որուն հետ քննարկեց համալսարանի կացութիւնը:

Հարիրի Հանդիպում Ունեցաւ Սաֆատիի Եւ Զօր. Ժոզէֆ Աունի Հետ

Նորընտիր վարչապետ Սաատ Հարիրի ընդունեց նաեւ նախկին նախարար Մոհամետ Սաֆատին եւ անոր հետ քննարկեց ընդհանուր կացութիւնը, յատկապէս Թրիփոլի քաղաքին վերաբերող հարցեր:

Հարիրի ընդունեց նաեւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն եւ գաղտնի սպասարկութեան տնօրէն գնդապետ-զօրավար Անթուան Մանսուր, որոնց հետ քննարկեց երկրին ապահովական կացութիւնը:

Հարիրի հանդիպում ունեցաւ նաեւ ԷՍՔՈՒԱ-ի գործադիր քարտուղար դոկտ. Մոհամետ Ալի Հաքիմի, փոխքարտուղար դոկտ. Խաուլայի եւ Կայուն զարգացման յանձնախումբի տնօրէն դոկտ. Քարիմա Քարաույի հետ:

Հանդիպման աւարտին Հաքիմ ըսաւ. «Մենք վարչապետ Հարիրին շնորհաւորեցինք խորհրդարանական ընտրութիւններու յաջողութեան համար եւ անոր յաջողութիւն մաղթեցինք` կառավարութեան կազմութեան գծով: «Քննարկեցինք նաեւ տնտեսական, ընկերային հարցեր եւ Լիբանանի մասնակցութիւնը տնտեսական եւ ընկերային խորհուրդի նիստին, որ տեղի պիտի ունենայ Միացեալ Նահանգներու մէջ 16, 17, 18 յուլիսին, ներկայութեամբ վարչապետ Հարիրիի կամ անոր ներկայացուցիչին: Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ կնոջ նախարարութեան եւ անոր կարեւորութեան, ինչպէս նաեւ ԷՍՔՈՒԱ-ի լիբանանցի պաշտօնեաներուն վիճակին»:

 

 

Նախորդը

Ժահժահ Հաստատեց, Որ Կառավարութեան Մէջ Լիբանանեան Ուժերուն Մասնաբաժինը Միայն Ի՛րն Է

Յաջորդը

Նախագահ Աուն. «Հպարտ Ենք Լիբանանի Ժողովուրդին Ունեցած Չափաւորութեան»

RelatedPosts

Հեռաձայնելով Սալամին`  «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային  Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

Հեռաձայնելով Սալամին` «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

November 4, 2026
Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող  «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի  Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց
Լիբանանեան

Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց

November 4, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց  Պատուելի Թերզեանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Պատուելի Թերզեանը

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.