Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարար Սեզար Ապի Խալիլ յայտնեց, որ Լիբանանի ամբողջ տարածքին կարմիր մազութի օգտագործումը պիտի դադրի եւ պիտի օգտագործուի կանաչ մազութը: Մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Ապի Խալիլ շեշտեց, որ ինք այս մասին տեղեակ պահած է նաեւ կառավարութիւնը: ՍԵՓԱԿԱՆ դպրոցներու մէջ դասաւանդող ուսուցիչներու սենտիքայի նախագահ Ռուտոլֆ Ապպուտ շեշտեց, որ իրենք մօտէն կը հետեւին անարդարօրէն աշխատանքէ արձակուած ուսուցիչներու թղթածրարին: Ան...

















