ՀԱՅՐԵՐՈՒ տօնին առիթով լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն շնորհաւորեց բոլոր հայրերը, յատկապէս անոնք, որոնք բանակին մէջ կը ծառայեն եւ մեծ զոհողութիւններ ի գործ կը դնեն` ի խնդիր իրենց ընտանիքներուն եւ երկրին ապահովութեան ու կայունութեան:
ՏԵՂԱՀԱՆՈՒԱԾՆԵՐՈՒ հարցերու պետական նախարար Մույին Մերեհպի շեշտեց, որ սուրիացի տեղահանուածներու հարցին լուծումը կ՛ենթադրէ ատելութեան, ցեղապաշտութեան եւ համայնքային խտրութեան նուազեցումը:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Անթուան Փանօ կոչ ուղղեց Պաալպեք-Հերմելի մէջ գործադրելու ապահովութեան ծրագիր մը, որուն լոյսին տակ կարելի ըլլայ վերջ տալ ապահովական խախտումներուն եւ ամրապնդել կայունութիւնը:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Իմատ Ուաքիմ նշեց, որ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ կը փափաքի իր ուզած ձեւով կառավարութիւն մը կազմել` աւելցնելով, որ կառավարութեան կազմութիւնը վարչապետ Սաատ Հարիրիի պարտականութիւնն է:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Քամել Ռիֆայի յայտնեց, որ կարմիր մազութէն կանաչ մազութի անցնիլ կը նշանակէ ջեռուցման համար լիբանանցի քաղաքացիին կրկնապատիկ վճարել տալ:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարուան Շարպել կոչ ուղղեց խորհրդարանին մշակելու լիբանանեան քաղաքացիութիւն շնորհելու պայմաններ ճշդող օրէնք մը:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնեցին, որ իրենք յանձնառու են Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ փոխըմբռնումի համաձայնագիրը եւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ իրենց յարաբերութիւնը պահպանելու:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Նազիհ Նաժարիի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ արաբական աշխարհը յուզող իրադարձութիւնները:
ՎԱՐՉԱՊԵՏ Սաատ Հարիրիի մօտիկ աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնեցին, որ կառավարութեան կազմութեան մասին յոռետեսութիւնը անտեղի է:
ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ կոչ ուղղեց Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէին յայտարարելու, թէ Լիբանան կ՛ուղղուի դէպի սնանկացում:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքին հաստատեց, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի միջեւ հանդիպումը կրնայ սկզբնակէտ ըլլալ` Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ համաձայնութիւն գոյացնելու նպատակով:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ Քլեմանսոյի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքինը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Մարիօ Աուն յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավարութիւնը տակաւին պատկերացում չունի` նախարարի թեկնածուներուն վերաբերեալ:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան հանդիպում մը ունեցաւ Հըզպալլայի մէկ պատուիրակութեան հետ` գլխաւորութեամբ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի քաղաքական հարցերու օգնական Հիւսէյն Խալիլի: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի հիւսիսային Լիբանանի պատասխանատու, նախկին երեսփոխան Մուսթաֆա Ալլուշ հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութեան ուշացումը արտաքին միջամտութիւններու վերագրող կողմերը պէտք է զիջին այն պահանջներէն, զորս իրաւունք կը կոչեն:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյց մը, որուն համաձայն, 95 օքթան պենզինի թիթեղին գինը նուազած է 300 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 200 լ. ոսկիով, իսկ մազութը` 100 լ. ոսկիով:
ՎԱՐՉԱՊԵՏ Սաատ Հարիրիի մօտիկ աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնեցին, որ Հարիրի կը փափաքի կառավարութեան կազմութիւնը բանավէճերէ հեռու պահել: Նոյն օրաթերթին համաձայն, Հզօր Լիբանան համախմբումը կը մերժէ նախարարական իր իրաւունքներէն զիջիլ, հետեւաբար քաղաքական կարգ մը աղբիւրներ անհաւանական կը գտնեն կառավարութեան մօտալուտ կազմութիւնը:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ»-ի յատուկ աղբիւրներ հաստատեցին, որ լիբանանեան բանակը կը պատրաստուի Պաալպեքի ապահովական կայունութիւնը խախտողներուն ուժեղ հարուած մը հասցնել: