ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ երկար տեւողութեամբ թռիչքներ գործեց հարաւային Լիբանանի վերեւ` ոտնձգութիւն գործելով լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ եւ խզելով Լիբանանի օդային սահմանները:
ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարար Ռաէտ Խուրի շեշտեց, որ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի այցելութիւնը Լիբանանի վրայ դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Աուն հաստատեց, որ Լիբանանի նոր կառավարութիւնը պիտի ըլլայ առաջին կառավարութիւնը, ուր ապահովուած է քրիստոնեաներուն իսկական գործակցութիւնը: Ան նշեց, որ Լիբանանի նոր կառավարութիւնը կրնայ կազմուիլ յառաջիկայ 10 օրերուն ընթացքին:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր յայտնեց, որ կառավարութեան մաս կազմելու պահանջը բոլորին համար ի զօրու է` աւելցնելով, որ համախոհական կառավարութիւնները կը պարփակեն երեսփոխանական բոլոր պլոքները:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Անթուան Փանօ հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութեան հարցը մօտիկ ապագային պիտի լուծուի` աւելցնելով, որ կառավարութեան կազմութիւնը ամէնէն աւելի վարչապետ Սաատ Հարիրիի շահերուն կը ծառայէ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ասեմ Արաժի նախատեսեց, որ կառավարութեան կազմութիւնը կարելի պիտի ըլլայ 1 յուլիսին:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Սաատ շեշտեց, որ կուսակցութիւնը կը պահանջէ ուժային նախարարութիւն մը, ինչպէս նաեւ փոխվարչապետի պաշտօնը:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Էլիաս Ապու Սաապ հաստատեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի տակաւին յստակ պատկերացում մը չունի յաջորդ կառավարութեան գծով:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ շեշտեց, որ կարգ մը ուժերու որդեգրած եսակեդրոն քաղաքականութիւնը հիմնական պատճառն է կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին արձանագրած ուշացումին:


