Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կիտանեան Բացումը Կատարեց Պիպլոսի Փառատօնին

Յունիս 20, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան` ընկերակցութեամբ Պիպլոսի փառատօնի կազմակերպիչներուն, «Պիպլոս սիւր մեր» պանդոկին մէջ բացումը կատարեց Պիպլոսի փառատօնին:

Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Ա. Կիտանեան յայտնեց, որ Ժիպէյլը (Պիպլոս) քաղաքակրթութիւններու օրրան է` աւելցնելով, որ Ժիպէյլի իւրայատկութիւնը այն է, որ հոն ապրող քաղաքական անձնաւորութիւնները, մտաւորականները, լրագրողներն ու հեղինակութիւնները գիտեն քաղաքին աշխատանքները վարել այնպիսի կերպով, որ ան մնայ առաջին կարգերու վրայ:

«Նոյնիսկ քաղաքական բանավէճերուն մէջ Ժիպէյլ իր իւրայատուկ դիրքը կը պահէ», ըսաւ նախարար Կիտանեան` աւելցնելով, որ Ժիպէյլի պարագային զբօսաշրջութիւնը կը գերակշռէ քաղաքականութեան:

Ա. Կիտանեան հաստատեց, որ երբ նման նախաձեռնութիւններու դէմ յանդիման կը գտնուինք, բոլորը զիրար կը սիրեն, բոլորը իրարու կը ժպտան, զիրար կ՛ողջագուրեն, մինչդեռ օր մը առաջ կացութիւնը կրնայ հակառակը ըլլալ:

Նախարար Կիտանեան մաղթեց, որ զբօսաշրջութեան եղանակը լաւ մեկնարկ մը ունենայ Ժիպէյլի մէջ` յոյս յայտնելով, որ քաղաքը կ՛ունենայ զբօսաշրջական բեղուն եղանակ մը` յատկապէս նկատի ունենալով կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթի մօտալուտ ըլլալու, ինչպէս նաեւ Ծոցի երկիրներէն զբօսաշրջիկներուն Լիբանան վերադարձին աւետիսները:

Ան մաղթեց նաեւ, որ արտերկրի լիբանանցիները իրենց կարգին վերադառնան Լիբանան, որպէսզի ամբողջանայ բոլորին ուրախութիւնը:

Նախարար Կիտանեան անդրադարձաւ փառատօներու կազմակերպիչներուն բողոքներուն, յատկապէս ինչ կը վերաբերի անոնց պարտադրուած հարկերուն` նշելով, որ հաւանաբար անոնք իրաւունք ունին, «սակայն հիմնական հարցը այն է, որ փառատօներուն մեծ թիւով օտար արուեստագէտներ կը մասնակցին եւ այդ պատճառով է, որ զանոնք կազմակերպող խորհուրդները հսկայ տուրքերու դէմ յանդիման կը գտնուին: Մինչդեռ եթէ փառատօներուն մեծ մասը լիբանանցի արուեստագէտներուն մասնակցութեամբ կազմակերպուի, ապա տուրքերը կը նուազին», ըսաւ ան:

Ակնարկելով զբօսաշրջութեան նախարարութեան կողմէ փառատօներուն օժանդակելու իրականութեան` Ա. Կիտանեան ցաւ յայտնեց, որ այդ օժանդակութիւնը շատ աւելի համեստ պիտի ըլլայ այս տարուան ընթացքին` դիտել տալով, որ նախարարութիւնը չի կրնար 160 փառատօնի բեռը կրել, այլ` հազիւ 50 կամ 60 փառատօնի, նկատի ունենալով Լիբանանի տնտեսական կացութիւնը եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան տրամադրուած պիւտճէին 20 առ հարիւրով նուազումը:

Նշենք, որ փառատօնի պաշտօնական բացումէն առաջ ելոյթ ունեցաւ Քարաքալլա պարախումբը:

Էհմեժի Փառատօն

Նախարար Կիտանեան հովանաւորեց նաեւ Էհմեժի փառատօնին մեկնարկը: Ան շնորհաւորեց երեսփոխանական ընտրութիւններուն յաղթանակ արձանագրած երեսփոխանները` հաստատելով, որ ինք միշտ կը զօրակցի Ժիպէյլին, որուն նկատմամբ սէր ունի եւ կ՛արժեւորէ անոր զբօսաշրջական գեղեցկութիւնն ու գրաւչութիւնը:

Ա. Կիտանեան շեշտեց որ ինք անցեալ տարի եւս հովանաւորած է Էհմեժի փառատօնին բացումը եւ ստացած ընտանեկան մթնոլորտի մէջ ըլլալու տպաւորութիւն, որ այս տարուան ընթացքին կը կրկնուի եւ շօշափելի կը դառնայ ժողովուրդին ժպտադէմ ըլլալուն ընդմէջէն:

«Գիւղական այս փառատօնը իր կազմակերպուածութեամբ եւ յաջողութեամբ համազօր է մեծ տարողութիւն ունեցող միջազգային փառատօներուն», ըսաւ ան:

 

Նախորդը

Պըրրի. «Կառավարութեան Կազմութեան Անիւը Ո՛չ Միայն Դանդաղած Է, Այլեւ Սկսած Է Ետ Դառնալ»

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Միացեալ Նահանգներու Կաթողիկէ Եպիսկոպոսներէն Կը Խնդրէ Զօրակցիլ Սուրիացի Տեղահանուածներու Տունդարձը Պահանջող Լիբանանի Կեցուածքին

RelatedPosts

Բագրատունի Վերընտրուեցաւ Խորհրդարանի Դիւանի Անդամ, Ինչպէս Նաեւ Խորհրդարանական Գաղթականներու Հարցերու Յանձնախումբի Նախագահ Եւ Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Քարտուղար
Լիբանանեան

Բագրատունի Վերընտրուեցաւ Խորհրդարանի Դիւանի Անդամ, Ինչպէս Նաեւ Խորհրդարանական Գաղթականներու Հարցերու Յանձնախումբի Նախագահ Եւ Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Քարտուղար

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ատուան. «Կը Պնդենք Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու Վրայ, Եւ Լուծումը Արտերկիր Գտնուողներու Քուէարկութեան Օրէնքի Բարեփոխումն Է»
Լիբանանեան

Ատուան. «Կը Պնդենք Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու Վրայ, Եւ Լուծումը Արտերկիր Գտնուողներու Քուէարկութեան Օրէնքի Բարեփոխումն Է»

Հոկտեմբեր 22, 2025
Պուխարի Ռաժժիին Յանձնեց «Էքսփօ Ռիատ 2030»-ին Լիբանանի Մասնակցութեան Հրաւէր Մը
Լիբանանեան

Պուխարի Ռաժժիին Յանձնեց «Էքսփօ Ռիատ 2030»-ին Լիբանանի Մասնակցութեան Հրաւէր Մը

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?