«Նեշընըլ Ճիոկրաֆիք» պարբերականը, ամրան եղանակին սկզբնաւորութեան ծիրին մէջ, հրապարակած է 2018 թուականի ամառնային լաւագոյն շրջապտոյտներուն ցանկը, որ կ՛ընդգրկէ նաեւ Լիբանանը:
Լիբանանը, իբրեւ զբօսաշրջական երկիր, յայտնի է նաեւ իր պատմական հնութիւններով: Անցեալ տարի «Նեշընըլ Ճիոկրաֆիք» յայտարարած էր, թէ Լիբանանը «աշխարհի հնագոյն երկիրներէն մէկն է»` իր պատմական հնութիւններուն գոյութեան շնորհիւ: