Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Միացեալ Նահանգներու կաթողիկէ եպիսկոպոսներու մէկ պատուիրակութիւնը, որ յայտնեց, թէ Միացեալ Նահանգներու մէջ ապրող կաթողիկէ համայնքի զաւակներուն համար կարեւոր է Լիբանանի բարօրութիւնն ու կայունութիւնը:
Եպիսկոպոսները դրուատեցին նախագահ Աունի ջանքերը` երկրին ապահովական կայունութիւնը ամրապնդելու գծով, ինչպէս նաեւ ողջունեցին անոր իմաստուն քաղաքականութիւնը` երկրին եւ քաղաքացիին անվտանգութիւնը երաշխաւորելու իմաստով:
Կաթողիկէ եպիսկոպոսները իրենց կարողութիւնները զետեղեցին նախագահ Աունի տրամադրութեան տակ` օժանդակելու համար զգայուն պայմաններ դիմագրաւող Լիբանանին:
Իր կարգին, նախագահ Աուն պատուիրակութեան ներկայացուց Լիբանանի կացութիւնը` կեդրոնանալով երկրին դիմագրաւած տնտեսական կացութեան եւ արտաքին տագնապներուն վրայ, ինչպէս` Սուրիոյ պատերազմն ու Լիբանանի վրայ անոր ունեցած հետեւանքները, որոնք կը դրսեւորուին յատկապէս Լիբանան հասած սուրիացի տեղահանուածներու հարցով:
Նախագահ Աուն եպիսկոպոսներէն խնդրեց զօրակցիլ սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձը պահանջող Լիբանանի կեցուածքին եւ այդ իմաստով աշխատանք տանիլ ամերիկեան պետական շրջանակներուն մօտ, որպէսզի կարելի ըլլայ վերջ տալ տեղահանուածներու տունդարձը խոչընդոտող արգելքներուն:
Նախագահ Աուն ընդգծեց նաեւ, որ Լիբանան կը մերժէ Իսրայէլի մէջ ամերիկեան դեսպանատան Երուսաղէմ փոխադրութիւնը` հաստատելով, որ Երուսաղէմը իսլամական, քրիստոնեայ եւ հրեայ կրօններուն Սուրբ քաղաքն է եւ չի կրնար միայն այս կամ այն կրօնին պատկանիլ:
Նախագահ Աուն եպիսկոպոսներու պատուիրակութեան ներկայացուց նաեւ իր ճիգերը` Լիբանանը քաղաքակրթութիւններու, մշակոյթներու, ազգերու եւ կրօններու երկխօսութեան միջազգային կեդրոնի վերածելու նպատակով:
Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար, որ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթն ու Շուֆի կարիքները:
Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ նախկին երեսփոխան Ամալ Ապու Զէյտ:



