Երեսփոխան Ժամիլ Սէյիտ երէկ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին անդրադարձաւ Պաալպեք-Հերմելի ապահովական իրավիճակին:
Սէյիտ յայտնեց, թէ ապահովական կայունութեան հսկողութիւնը մնայուն աշխատանք է, որ ապահովութեան ուժերուն պարտականութիւնն է:
Ան դիտել տուաւ, որ երեսփոխանական ընտրութիւններէն ետք շրջանին մէջ տիրող ապահովական խախտումները բազմապատկուած են` աւելցնելով, որ կարծէք մէկը սեղմած է կոճակ մը, որուն պատճառով խուլիկանութիւնները կրկնապատկուած են, իսկ ցաւալին այն է, որ ապահովական կառոյցներու պատասխանատուները կը հովանաւորեն խուլիկանները եւ կը ծածկեն անոնց յանցագործութիւնը:
«Պաալպեք-Հերմել կարիքը ունի ապահովութեան, որ զլացուած է լիբանանեան բանակին ու ներքին ապահովութեան ուժերուն կողմէ: Պահանջուած է ձերբակալել ապահովական խախտում գործող բոլոր յանցագործները եւ նուազագոյն չափով լուծել ամէնօրեայ դրութեամբ անվտանգութեան խախտումներուն հարցը», ըսաւ ան:
Սէյիտ նշեց, որ ապահովական եւ քաղաքական հեղինակութիւնները պատասխանատու են տիրող կացութեան` աւելցնելով, որ բանակի գաղտնի սպասարկութիւնն ու ապահովական կառոյցները մեծ բացթողումներ արձանագրած են շրջանին մէջ ապահովութեան հսկելու իմաստով:
Սէյիտ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունն ու Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսմանը մեղադրեց Պաալպեք-Հերմելի եւ Դիմադրութեան համակիրներուն դէմ դաւադրութիւն նիւթելու յանցանքով:



