Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ ուղղուեցաւ հարաւային Լիբանանի սահմանային Կապոյտ գիծի շրջանները, ուր ստուգեց տիրող կացութիւնը եւ բանակին պատրաստուածութիւնը` դիմադրելու իսրայէլեան հաւանական որեւէ յարձակումի, ինչպէս նաեւ պահպանելու սահմանամերձ շրջաններու ապահովական կայունութիւնը:
Զօր. Աուն սահմանին հսկող սպաներուն եւ զինուորներուն հետ հանդիպումին ընթացքին հաստատեց, որ Լիբանան կը դիմագրաւէ երեք հիմնական մարտահրաւէրներ, որոնք հետեւեալներն են. թշնամի Իսրայէլը, ահաբեկչութիւնն ու թմրեցուցիչը:
Ան ընդգծեց, որ լիբանանեան բանակը կազմ ու պատրաստ է պայքարելու Իսրայէլի եւ անոր ախորժակներուն դէմ: «Ահաբեկչութեան վտանգները մեծ տոկոսով փարատած են, սակայն ահաբեկչական ծրագիրները կը յամենան», ըսաւ ան:
Զօր. Աուն կոչ ուղղեց նաեւ ամէն ջանք ի գործ դնելու` վերջ տալու համար թմրամոլութեան եւ թմրեցուցիչի գոյութեան, որ կը քանդէ լիբանանեան ընկերութիւնը:
Զօր. Աուն հաստատեց, որ լիբանանեան բանակը երկրին ապահովական կայունութիւնը կը նկատէ իր առաջնահերթութիւնը եւ պիտի շարունակէ մնալ Լիբանանի ողնասիւնը, ինչ ալ ըլլան անոր գինը կամ զոհողութիւնները:



