Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հզօր Լիբանան Համախմբումի Նիստ. «Իւրաքանչիւր Քաղաքական Ուժի Իր Չափին Համեմատ Իրաւունքներու Շնորհումը` Կառավարութիւնը Քառորդ Ժամէն Կազմելու Առիթ Կու Տայ» Շեշտեց Քանաան

June 20, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հզօր Լիբանան համախմբումը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի եւ մասնակցութեամբ համախմբումը բաղկացնող բոլոր ուժերու ներկայացուցիչներուն, որոնց շարքին` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի:

Նիստէն ետք համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան շեշտեց, թէ իրենք կը զօրակցին ազգային միասնականութեան կառավարութեան մը, որ կ՛ապահովէ քաղաքական ընդարձակ ներկայացուցչութիւն:

Ան նշեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի կ՛աշխատի այս ուղղութեամբ` սերտելով նոր դահլիճի կազմութեան սահմանադրական բոլոր կարելիութիւններն ու լծակները` ըստ խորհրդարանական պլոքներու ներկայացուցչութեան համեմատութեան:

Քանաան ըսաւ, որ լիբանանցիները իրենց խօսքը ըսին երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին եւ ճշդեցին իւրաքանչիւր քաղաքական ուժի չափը:

«Ասիկա կը նշանակէ, թէ իւրաքանչիւր քաղաքական ուժի իր չափին համեմատ իրաւունքներու շնորհումը` կառավարութիւնը քառորդ ժամէն կազմելու առիթ կու տայ: Հետեւաբար ո՛վ որ իր ներկայացուցչութեան չափէն աւելին կը պահանջէ, պատասխանատու է կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթի արգելակումին, ինչ որ վտանգաւոր է, որովհետեւ երկրին ներկայ իրավիճակը չ՛արտօներ, որ նոր կառավարութեան կազմութիւնը յապաղի` նկատի ունենալով լուծման կարիք ունեցող թղթածրարներն ու Լիբանանի դիմագրաւած մարտահրաւէրները», ըսաւ ան:

Քանաան աւելցուց, որ համախմբումը ոչ մէկ նախարարութեան կառչած կը մնայ` աւելցնելով, որ ինչ որ իրենց կը պարտադրուի, պէտք է նաեւ այլոց պարտադրուի, որպէսզի երկու չափ երկու կշիռի դրութիւնը ջնջուի:

Ան նկատել տուաւ, որ հանրապետութեան նախագահը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ արագացնելու կառավարութեան կազմութիւնը` նկատի ունենալով, որ երկիրը կը կարօտի տնտեսական տագնապի լուծման:

Քանաան ընդգծեց, որ կառավարութեան  աշխատանքային ծրագիրը պէտք է ընդգրկէ լիբանանցիներուն առաջնահերթութիւնները` նշելով, որ սուրիացի տեղահանուածներու ապահով տունդարձի հարցի լուծման շուրջ լիբանանեան համախոհութեան կարիք կայ: Ան կոչ ուղղեց երեսփոխանական պլոքներուն տեղահանուածներու թղթածրարի լուծման այս տարբերակին շուրջ համախոհութիւն գոյացնելու` նկատի ունենալով Լիբանանի դիմագրաւած ծանր բեռը:

«Կոչ կ՛ուղղենք սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին յստակ ծրագիր մշակելու եւ կը հաստատենք, որ մեր պարտականութիւնն է թակել իւրաքանչիւր դուռ, որ կրնայ օժանդակել այդ լուծումը իրականացնելու, ըլլայ ան ՄԱԿ-ը թէ ուրիշներ», հաստատեց Քանաան:

Նշենք, որ Հզօր Լիբանան համախմբումի մէկ պատուիրակութիւնը երէկ ուղղուեցաւ Պքերքէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ:

Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ Լիբանան հասած սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին ազգային համապարփակ լուծում մը շնորհելու եւ զայն քաղաքական տարակարծութիւններէն դուրս բերելու կարեւորութիւնը:

Նախորդը

Նախագահ Աուն Միացեալ Նահանգներու Կաթողիկէ Եպիսկոպոսներէն Կը Խնդրէ Զօրակցիլ Սուրիացի Տեղահանուածներու Տունդարձը Պահանջող Լիբանանի Կեցուածքին

Յաջորդը

Թրամփ Փենթակոնին Յանձնարարած Է Սկսիլ Ամերիկեան Ռազմատիեզերական Ուժերու Ձեւաւորման

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.