Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` գլխաւորութեամբ պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի:
Պլոքը զարմանք յայտնեց կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին արձանագրած անբացատրելի յապաղումին համար` կոչ ուղղելով քաղաքական ուժերուն հրաժարելու իրենց անձնական շահերէն եւ պէտք եղած ճկունութիւնը ցուցաբերելու` յաջողցնելու համար կառավարութեան կազմութիւնը:
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքը շեշտեց, որ անհրաժեշտ է երեսփոխանական ընտրութիւններուն արդիւնքները իբրեւ չափանիշ որդեգրել` լուծելու համար կառավարութեան կազմութեան ջանքերը խոչընդոտող թնճուկներն ու իրականացնելու համար հաւասարակշռուած կառավարութիւն մը:
Պլոքը ողջունեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կողմէ խորհրդարանը լիագումար նիստի հրաւիրելու քայլը` աւելցնելով, որ խորհրդարանի մնայուն յանձնախումբերը ընտրելով օրէնսդրական աշխատանքին մեկնարկը կը կատարուի, եւ լուծումներ կ՛առաջադրուին երկրին դիմագրաւած ընկերային, տնտեսական եւ վարչական հարցերուն:



