Շիիներու գերագոյն խորհուրդի նախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան Յուլիսեան պատերազմի 12-ամեակին առիթով շեշտեց, որ այս օրերուն իրենք կը մտաբերեն Դիմադրութեան հերոսներուն արձանագրած յաղթանակն ու նուաճումները, որոնց շնորհիւ պարտութեան մատնուեցան իսրայէլեան ուժերը, եւ չքացաւ իսրայէլեան բանակի անպարտ ըլլալու պատրանքը:
Դիմադրութեան մարտիկները իրենց քաջութեամբ եւ անձնազոհութեան ոգիով պաշտպանեցին Լիբանանը` արձանագրելով նոր յաղթանակ մը, որ կ՛աւելնար 2000-ին հարաւային Լիբանանի ազատագրման ու թշնամի Իսրայէլը լիբանանեան հողերէն հեռացնելու իրագործումին կողքին:
Շէյխ Քապալան հաստատեց, որ Դիմադրութեան արձանագրած յաղթանակը ո՛չ միայն Լիբանանի համար փառք եւ արժանապատուութիւն էր, այլեւ` աշխարհի բոլոր ազատատենչներուն համար:
«Թշնամի Իսրայէլը կը կարծէր, որ իսրայէլեան ուժերուն կողմէ Լիբանան ներխուժումը զբօսաշրջական պտոյտ մըն էր, որուն ընթացքին իսրայէլեան օդուժն ու ծովուժը կործանիչներով եւ մարտանաւերով, ինչպէս նաեւ թնդանօթներով պիտի քանդէր ու հրկիզէր Լիբանանը եւ սպաննէր լիբանանցիները: Սակայն Դիմադրութիւնը անկատար ձգեց թշնամիին երազները, ձախողութեան մատնեց անոր ծրագիրները եւ կերտեց աստուածային յաղթանակը` իր կամքով, կորովով, գոյատեւելու ոգիով եւ բռնագրաւումին դիմադրելու հոգեբանութեամբ: Լիբանանը իր բանակով ու Դիմադրութեամբ կռուեցաւ Իսրայէլի դէմ եւ կերտեց պատմական յաղթանակ, որ պայքարի, զոհողութեան ու գոյատեւման օրինակելի դաս մըն է», ըսաւ շէյխ Քապալան` աւելցնելով նաեւ, որ լիբանանեան բանակն ու Դիմադրութիւնը զգետնեցին նաեւ ահաբեկչութիւնն ու հաւատադրժողական խմբաւորումները:
Ան հաստատեց, որ Լիբանան աւելի քան երբեք կարիքը ունի իր բանակին եւ Դիմադրութեան, որ պիտի պաշտպանէ լիբանանեան ջուրերն ու Լիբանանի պատկանող նաւթի եւ բնական կազի հարստութիւնները:
«Հետեւաբար կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը թող կառչած մնայ «Բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն» տարազին, եւ թող այդ տարազը աւելի եւս ամրապնդուի` դիմադրելու համար իսրայէլեան սպառնալիքներուն եւ Լիբանանի ու Սուրիոյ դէմ սանձազերծուելիք նոր պատերազմներու հաւանականութեան ակնարկող իսրայէլեան յայտարարութիւններուն», կոչ ուղղեց շէյխ Քապալան:
Ան անհրաժեշտ նկատեց լիբանանեան եւ սուրիական իշխանութիւններուն միջեւ գործակցութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ սուրիացի տեղահանուածներուն արագ տունդարձը ապահովել` երաշխաւորելով Լիբանանի եւ Սուրիոյ շահերը:



