Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Տնտեսական խորհուրդներու նախագահ Մոհամետ Շքէյրը, Դրամատուներու սեփականատէրերու միութեան նախագահ Ժոզեֆ Թարապէյը, Պէյրութի առեւտրականներու միութեան նախագահ Նիքոլա Շամմասը, Ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու ընկերակցութեան նախագահ Ֆատի Ժեմայէլը եւ Միջերկրականեան երկիրներու գործարարներու համադաշնակցութեան նախագահ Ժաք Սարրաֆը, որոնց հետ քննարկեց երկրին տնտեսական իրավիճակը:
Հանդիպումէն ետք Շքէյր յայտնեց, որ վարչապետ Հարիրի լաւատես է կառավարութեան մօտալուտ ծնունդով` աւելցնելով, որ իբրեւ սեփական մարզ, գործարարներ եւ ներդրողներ, իրենց վրայ դրական ազդեցութիւն ունեցած է վարչապետին լաւատեսութիւնը:
Շքէյր հաստատեց, որ իրենք կը հաւատան Լիբանանին եւ լաւատես են Լիբանանով, եւ իբրեւ Տնտեսական խորհուրդներ ու սեփական մարզ կը պահանջեն ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին կառավարութեան կազմութիւնը, որպէսզի սկսին գործադրել կառավարութեան մշակած ծրագիրները, որոնցմէ են «Սետր»-ի խորհրդաժողովին վաւերացուած ծրագիրները:
Շքէյր մաղթեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ ուրբաթ օրուան իրենց հանդիպումին դրական մթնոլորտը եւ շաբաթ օր վարչապետ Հարիրիի հետ իրենց ունեցած այս դրական հանդիպումը, յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին արդիւնաւորուի կառավարութեան նոր կազմին յայտարարութեամբ:



