ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարար Եագուպ Սարրաֆ շեշտեց, որ միջազգային ընտանիքը պէտք է օժանդակէ Լիբանանին` սահմանագծում կատարելու եւ Իսրայէլի վրայ ճնշում բանեցնելու համար, որպէսզի վերջինս լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ իր գործած ոտնձգութիւնները դադրեցնէ:
ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ նախարար Ռաէտ Խուրի յայտնեց, որ եթէ փաստուի, թէ Լիթանի գետի ապականումի մաքրութեան համար Լիբանան հասած չինական ընկերութիւնը Իսրայէլի հետ կապ ունի, ապա պիտի մերժուի անոր աշխատանքը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր շեշտեց, որ անցեալ շաբթուան խորհրդակցութիւնները պիտի արդիւնաւորեն կառավարութեան կազմութիւնը:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն երեսփոխանական պլոքի անդամ Անթուան Հապշի շեշտեց, որ «ներկայ իշխանութիւնները մենք ստեղծած ենք, իսկ իշխանութեան կրելիք որեւէ ձախողութիւն բոլոր լիբանանցիներուն ձախողութիւնը կը նկատուի»:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Հիքմաթ Տիպ շեշտեց, որ կարելի չէ հերքել, թէ կան արտաքին միջամտութիւններ` կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը երկարաձգելու:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ֆայսալ Քարամէ կոչ ուղղեց վարչապետ Սաատ Հարիրիին սիւննի համայնքը հզօրացնելու, նախքան այլոց հետ գոյացնելիք համաձայնութիւնները:
ՀԶՕՐ հանրապետութեան համախմբումի անդամ երեսփոխան Էտի Ապի Լամաա հաստատեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նախարարութիւններուն հարցը վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի միջեւ կը լուծուի:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Մարիօ Աուն Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը պատասխանատու նկատեց Մեհրապի համաձայնութեան խզումին:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Անուար Խալիլ, հանդիպելէ ետք Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ, հաստատեց, որ ներկայիս առաջնահերթութիւնը կառավարութեան կազմութիւնն է:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Թամմամ Սալամ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան-ֆրանսական երկկողմանի յարաբերութիւնները:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան գծով արձանագրուած խոչընդոտները կ՛ենթադրեն բոլորին զոհողութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ լուծում գտնել հարցերուն:
ԲԱՆԱԿԻ հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն ընդունեց երեսփոխաններ Ուաէլ Ապու Ֆաուրն ու Զիատ Ասուատը, որոնց հետ քննարկեց երկիրը յուզող իրադարձութիւնները: Զօր. Աուն ընդունեց նաեւ Լիբանանեան սուրիական գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Նասրի Խուրին, որուն հետ քննարկեց Լիբանան-Սուրիա սահմանամերձ շրջանի իրավիճակը:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա հաստատեց, որ պետութիւնը կերտելու յստակ չափանիշներ կան` աւելցնելով, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն այդ պետութիւնը կերտելու միակ յոյսն է:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի հիւսիսային Լիբանանի պատասխանատու Մուսթաֆա Ալլուշ շեշտեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի իր ընտրանքները յստակացուցած է, եւ շատ հաւանաբար զինք կը նշանակէ հիւսիսային Լիբանանի Մուսթաքպալ հոսանքի նախարար:
ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ հաստատեց, որ Յուլիսեան պատերազմը փոփոխութեան ենթարկած է լիբանանցիին մտայնութիւնը եւ փաստած, որ յաղթանակը կարելի է:
ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ վերլուծաբան եւ իրաւաբան Ժոզեֆ Ապու Ֆատել շեշտեց, որ Մեհրապի համաձայնագիրին յարգումը Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան համար պարտադիր է` աւելցնելով, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ խախտած է այդ համաձայնագիրը:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ Կեդրոնական խորհուրդի անդամ շէյխ Նեպիլ Քաուք շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը միտումնաւոր կերպով յապաղում կ՛արձանագրէ` հարուածելու համար երկրին իշխանութիւնները:
ԱՄԱԼ շարժումի քաղաքական խորհուրդի նախագահ Ժամիլ Հայեք շեշտեց, որ լիբանանցիները երկար ատեն լուռ մնացին երկրին տնտեսական կացութեան գծով` աւելցնելով, որ պէտք է արագացնել երկրին կառավարութեան կազմութիւնը:
«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Սաատ Հարիրի կառավարութեան կազմութեան իր խորհրդակցութիւնները պիտի շարունակէ եւ աշխուժացնէ` այցելելով նաեւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ վարչապետ Սաատ Հարիրի ամէն ջանք ի գործ կը դնէ կառավարութիւնը կազմելու, եւ ան պատասխանատու չէ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը խոչընդոտող արգելքներուն:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի մօտիկ աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը կը գործէ Թաէֆի համաձայնագիրէն առաջ տիրող մտայնութեամբ:
ԱՐԱԲԱԿԱՆ Միացեալ Էմիրութիւններու «Խալիժ» օրաթերթը հաստատեց, որ վերջերս Հըզպալլա Եմէնի մէջ իր միջամտութիւնները սաստկացուցած է:
«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Սաատ Հարիրի երեք շաբաթ առաջ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունին ներկայացուցած կառավարութեան կազմի պատկերացումին վրայ ոչ մէկ փոփոխութիւն կատարած է:
«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանեան ուժեր եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւններուն միջեւ գոյացած հաշտութիւնը անվիճելի է:
«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Սաատ Հարիրի ամէն ջանք ի գործ կը դնէ քաղաքական ուժերուն հետ իր խորրհրդակցութիւնները շարունակելու:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը տարբեր հեղինակութիւններէ ստացած է խնդրանքներ միջամտելու Լիբանանեան ուժեր եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւններուն միջեւ` ելեկտրականացած մթնոլորտը վերացնելու եւ կանխելու քաղաքացիական նոր պատերազմ մը:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Իրանի նախագահական պատուիրակ Հիւսէյն Ժապիրի Անսարի մօտիկ ապագային պիտի այցելէ Լիբանան եւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունին պիտի յանձնէ նամակ մը:


