Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Նիւ Եորքի մէջ 16-19 յուլիսին տեղի ունենալիք քաղաքական խորհրդաժողովին իր մասնակցութիւնը բերող լիբանանեան պաշտօնական պատուիրակութիւնը, որուն պիտի նախագահէ փոխվարչապետ Ղասսան Հասպանի եւ որուն մաս պիտի կազմեն հանրապետութեան եւ խորհրդարանի նախագահներուն, վարչապետին, արտաքին գործոց, կրթութեան, տնտեսութեան եւ կենսոլորտի նախարարութիւններուն, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական ընկերութեան ներկայացուցիչները:
Լիբանանեան պատուիրակութիւնը խորհրդաժողովի ընթացքին պիտի ներկայացնէ իր պատրաստած ծրագիրը, որ կը վերաբերի հետեւողական բարգաւաճումին եւ որ մշակուած է վարչապետ Հարիրիի ցուցմունքներով:
Հանդիպումին ընթացքին Հարիրի լուսարձակի տակ առաւ հիմնական երեք կէտեր, որոնք ուղղակիօրէն կապուած են լիբանանեան հաստատութիւններու կարողութիւններուն, Լիբանանի կողմէ միջազգային զօրակցութիւն, օրինակ` բարգաւաճման ծրագիրներու իրագործման վարկեր ստանալու կարեւորութեան, այդ ծրագիրները գործադրելու իմաստով սեփական մարզին մասնակցութեան, ինչպէս նաեւ լիբանանեան պետութեան ու սեփական մարզին հետ քաղաքացիական ընկերութեան դերակատարութեան անհրաժեշտութեան:
Հարիրի շեշտեց նաեւ, որ այդ օրակարգերուն գործադրութիւնը Լիբանանի համար շատ դժուար պիտի ըլլայ, եթէ ան շարունակէ ենթարկուիլ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին պատճառած հետեւանքներուն, որոնք տնտեսական ու կենսոլորտային բնոյթ ունին եւ ուղղակիօրէն ժխտական ազդեցութիւն կ՛ունենան երկրին ենթակառոյցին ու ծառայութիւններու հոլովոյթին վրայ:



