Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ երեկոյեան ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-ֆրանսական յարաբերութիւնները:
Միւս կողմէ, Ժահժահ շաբաթավերջին Պքաաքաֆրայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ:
Հանդիպումին ընթացքին Ժահժահ եւ Ռայի պատրիարքը ընդգծեցին կառավարութիւնը անյապաղ կազմելու կարեւորութիւնը` շեշտելով, որ կառավարութեան կազմութիւնը կարիքը ունի լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն զիջումին:
Ժահժահ հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը արգելակող խոչընդոտը միայն քրիստոնէական ներկայացուցչութիւնը չէ:
Հանդիպումին ընթացքին Ռայի պատրիարքը եւ Ժահժահ հաստատեցին Լիբանանեան ուժեր եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւններուն միջեւ հաշտութեան անհրաժեշտութիւնը:



