Տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Ռաէտ Խուրի յայտնեց, որ շարժակներով ստացուող ելեկտրականութեան բաժանորդագրութեան յատուկ ժամացոյցներ պիտի զետեղուին` ծառայելու համար քաղաքացիներու շահերուն:
Խուրի նշեց, որ իրենք այս որոշումով պիտի պարտադրեն, որ ելեկտրականութիւն բաշխող շարժակներու սեփականատէրերը այդ ժամացոյցները զետեղեն քաղաքացիներուն համար, որպէսզի քաղաքացին իր օգտագործած հոսանքին համազօր գումար վճարէ:
Խուրի նշեց, որ այդ ժամացոյցները նոյնանման պիտի ըլլան պետութեան տրամադրած ելեկտրական հոսանքի ժամացոյցներուն:
Անդրադառնալով կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին` Ռաէտ Խուրի յայտնեց, որ խորհրդակցութիւնները կ՛ընթանան առողջապահութեան նախարարութիւնը Հըզպալլային յանձնելու ուղղութեամբ:



