Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաապտայի Մէջ. «Լիբանանը Առանձին Պիտի Չձգենք, Իսկ Լիբանան Այցելութիւնները Արգիլուած Չեն» Շեշտեց Քուէյթի Խորհրդարանի Նախագահը

July 14, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց Քուէյթի խորհրդարանի նախագահ Մարզուք Ղանեմը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց լիբանանեան-քուէյթեան յարաբերութիւններուն ամրապնդուած ըլլալու իրականութիւնը` ընդգծելով լիբանանցիներուն եւ քուէյթցի ժողովուրդին միջեւ սէրն ու մտերմութիւնը:

Նախագահ Աուն լուսարձակի տակ առաւ Քուէյթի շէյխ Սապահ Ահմետ Ժապեր Սապահ իշխանի հոգատարութիւնը Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն նկատմամբ` աւելցնելով, որ միջազգային եւ շրջանային մակարդակի վրայ Քուէյթ միշտ նեցուկ կը կանգնի Լիբանանին եւ յանձնառու կը մնայ Լիբանանի ապահովական ու տնտեսական կայունութեան:

Նախագահ Աուն Ղանեմէն խնդրեց իր ողջոյններն ու բարեմաղթութիւնները փոխանցել Սապահ իշխանին եւ քուէյթցիներուն: Ան մեծապէս գնահատեց Քուէյթի ունեցած դերակատարութիւնը` արաբական տագնապներուն խաղաղ լուծումներ գտնելու իմաստով:

Նախագահ Աուն Ղանեմին ներկայացուց Լիբանանի տնտեսական բարգաւաճման ու զարթօնքին համար ի գործ դրուած ճիգերը, յատկապէս գումարուած միջազգային երեք խորհրդաժողովները, որոնց նպատակն էր օժանդակել Լիբանանին եւ որոնց մէջ Քուէյթ իր ներդրումը ունեցած էր, յատկապէս Լիբանանի տնտեսական օժանդակութեան նպատակով գումարուած «Սետր»-ի խորհրդաժողովին:

Նախագահ Աուն անդրադարձաւ նաեւ Լիբանան հասած սուրիացի տեղահանուածներուն եւ անոնց ապահով տունդարձին, մասնաւորաբար երբ սուրիական իշխանութիւնները պէտք եղած երաշխիքները տրամադրած են իրենց հայրենիքը վերադառնալ փափաքող սուրիացի տեղահանուածներուն:

Նախագահ Աուն ակնարկեց տեղահանուածներուն ներկայութեան պատճառով Լիբանանի դիմագրաւած ապահովական, տնտեսական, ընկերային եւ կենսոլորտային դժուարութիւններուն` շեշտելով, որ Լիբանան միշտ կոչ կ՛ուղղէ միջազգային ընտանիքին դիւրացնելու սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձը` միաժամանակ ցաւ յայտնելով, որ լիբանանեան այդ պահանջը ցարդ արժանացած է միջազգային ընտանիքին անտեսումին:

Միւս կողմէ, նախագահ Աուն ուրախութիւն յայտնեց, որ քուէյթցի եղբայրները պիտի վերադառնան Լիբանան` իրենց ամրան արձակուրդը անցընելու, վայելելով երկրին ապահովութիւնը եւ ինչպէս միշտ իրենց լիբանանցի եղբայրներուն հարազատ մթնոլորտը:

Ղանեմ իր կարգին նախագահ Աունի փոխանցեց Քուէյթի իշխանին ողջոյնները` դրուատելով Լիբանանը կառավարելու նախագահ Աունի իմաստուն քայլերը:

Ան հաստատեց, որ Քուէյթ միշտ զօրակցած է եւ պիտի շարունակէ նեցուկ կանգնիլ Լիբանանին:

«Լիբանանը առանձին պիտի չձգենք, իսկ Լիբանան այցելութիւնները արգիլուած չեն», հաստատեց Ղանեմ:

Պըրրի – Ղանեմ Հանդիպում

Մարզուք Ղանեմ այցելեց նաեւ Այն Թինէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:

Ղանեմի ընկերակցեցան նաեւ քուէյթեան պաշտօնական պատուիրակութիւնն ու Լիբանանի մէջ Քուէյթի դեսպան Ապտել Ալ Քանային:

Պըրրի – Ղանեմ դռնփակ հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւններն ու խորհրդարանի անդամներուն միջեւ գործակցութիւնը:

Հանդիպումէն ետք Ղանեմ շեշտեց, որ Պըրրիի հետ հանդիպումները միշտ ալ օգտակար են` աւելցնելով, որ ան իր փորձառութեամբ շատ բան կը սորվեցնէ: Ղանեմ ընդգծեց լիբանանեան-քուէյթեան երկկողմանի հեզասահ եւ ամրապնդուած յարաբերութիւնները` շեշտելով, որ Լիբանան եւ Քուէյթ արաբական, շրջանային թէ միջազգային մակարդակի վրայ շարք մը մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւեն:

Ղանեմ նշեց, որ Պըրրիի հետ քննարկած են նաեւ խորհրդարաններուն փոխադարձ գործակցութիւնը աշխուժացնելու հեռանկարները, ինչպէս նաեւ Երուսաղէմի եւ Պաղեստինեան դատին մասին շաբաթ, 21 յուլիս 2018-ին Գահիրէի մէջ տեղի ունենալիք արտակարգ նիստին վերաբերող հարցեր:

«Լիբանանի եւ Քուէյթի միջեւ կան երկկողմանի ամուր յարաբերութիւններ` բոլոր մարզերուն եւ մակարդակներուն վրայ: Այս հանդիպումը կը նկատուի այդ յարաբերութեան եւ Լիբանանի ու Քուէյթի խորհրդարաններու յարաբերութեան զօրութեան մարմնացումը», շեշտեց ան:

Ղանեմ մաղթեց, որ Լիբանանը մնայ խաղաղ ու կայուն` յոյս յայտնելով, որ Լիբանանի նոր կառավարութիւնը մօտիկ ապագային կը կազմուի: «Լիբանանցի քաղաքական անձնաւորութիւններուն նկատմամբ մեր վստահութիւնը մեծ է, իսկ մեր նպատակն է տեսնել նաեւ լիբանանեան եւ քուէյթեան խորհրդարաններուն միջեւ գործակցութեան սերտացումը», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ իրենք իւրաքանչիւր առիթի կը խօսին Լիբանանի սրտբաց հիւրընկալութեան մասին եւ միշտ ալ հարազատ կը զգան Լիբանանի մէջ, ինչպէս իրենց հայրենիքին` Քուէյթի մէջ:

Նախորդը

Պըրրի Տնտեսական Խորհուրդներուն Եւ Դրամատուներու Սեփականատէրերու Միութեան Հետ Քննարկեց Երկրին Տնտեսական Իրավիճակը

Յաջորդը

«Ազրպէյճանը Երբե՛ք Առանձին Պիտի Չձգենք» Կ՛ըսէ Էրտողան

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.