ՔՐԻՍ Ռամպլինկ նշանակուեցաւ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ նոր դեսպան:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ նախարարութեան հրապարակած վառելանիւթի նոր սակացոյցին համաձայն, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը սղած է 100 լ. ոսկիով, մինչդեռ 98 օքթան պենզինի եւ մազութի թիթեղին սակերը մնացած են անփոփոխ:
ՓՏԱԾՈՒԹԵԱՆ դէմ պայքարի պետական նախարար Նիքոլա Թուէյնի հաստատեց, որ Իրաքի կողմէ լիբանանեան ընկերութիւններուն եւ լիբանանցի առեւտրականներուն ու ներդրողներուն կատարուելիք վճարումները մօտալուտ են:
ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Ղաթթաս Խուրի ընդունեց Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Էլիաս Ապու Սաապը, որուն հետ քննարկեց կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը դիւրացնող շարք մը առաջարկներ:
Ապու Սաապ հերքեց այն յայտարարութիւնները, թէ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը կը խոչընդոտէ կառավարութեան մէջ Լիբանանեան ուժերուն ներկայացուցչութիւնը` հաստատելով, որ ժոմպլաթական ներկայացուցչութիւնը աւելի խնդրայարոյց է:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան նպատակով օգտագործուած չափանիշները երկրին ժողովրդավարական համակարգին վնաս պիտի հասցնեն:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան շեշտեց, որ կառավարութեան մէջ իր ներկայութիւնը ուղղակիօրէն կապուած է հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ իր պատկանած համախմբումին որոշումին:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի նախագահ, երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթ մաղթեց, որ կառավարութիւնը կազմուի, որպէսզի ժողովուրդին վերաբերող հարցերը լուծուին, եւ Լիբանանի համար շատ կարեւոր նկատուող զբօսաշրջութեան եղանակը փրկուի:
ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆ շարժումի նախագահ, երեսփոխան Միշել Մուաուատ շեշտեց, որ բարգաւաճումը կարելի է արձանագրել համագործակցութեամբ: Ան աւելցուց, որ քանդիչ մրցակցութիւնը կրնայ իր հետեւանքները ունենալ բոլորին վրայ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ռուլա Թապշ հաստատեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրի յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին պիտի յայտարարեն կառավարութեան նոր կազմը:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Էլիաս Ապու Սաապ հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութեան գծով վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ կը գործակցին` աւելցնելով, որ յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին կառավարութիւնը կազմելու նպատակով լուրջ քայլեր պիտի որդեգրուին:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Նազիհ Նաժըմ ընդգծեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի միջեւ հանդիպումը եղած է մտերմիկ` աւելցնելով, որ անոնց միջեւ տարակարծութիւններ չկան:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Միշել Մուսա շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը տակաւին արգելքներու դիմաց կը գտնուի: Ան յայտնեց, որ հակառակ խորհրդակցութիւններու շարունակուելուն, տակաւին շօշափելի արդիւնքներ չկան:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Հիքմաթ Տիպ շեշտեց, որ խորհրդարանի մնայուն յանձնախումբերուն մէջ արձանագրուելիք փոփոխութիւնները կը յարգեն համայնքներուն միջեւ հաւասարակշռութիւնը:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժամիլ Հայեք հաստատեց, որ երեսփոխանը ժողովուրդին ձայնն է` աւելցնելով, որ եթէ երեսփոխան մը պատրաստ չէ ժողովուրդին շահերուն համար պայքարելու, ապա ան պէտք է հրաժարի:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Նիքոլա Սահնաուի շեշտեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններու արդիւնքներուն հիման վրայ կառավարութեան կազմութիւնը կը դիւրացնէ այդ հոլովոյթը` աւելցնելով, որ ոչ ոքի արտօնուած է իր համայնքին ներկայացուցչութիւնը սեփականացնել:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ֆայսալ Քարամէ շեշտեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքը կը ներկայացնէ սիւննի համայնքին երկու երրորդը, իսկ իրենք կը ներկայացնեն սիւննիներուն մէկ երրորդը:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ շեշտեց, որ բնակարանային վարկերու տագնապը ազգային հարց է` աւելցնելով, որ պէտք է վերակենդանացնել բնակարանային եւ բնակեցումի հարցերու նախարարութիւնը:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Եասին Ժապեր յայտնեց, որ յանձնախումբերուն նախագահելը զբաղում կամ զբօսաշրջութիւն չէ, այլ` ատակութիւն, կարողութիւն եւ փորձառութիւն:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Զիատ Ասուատ յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը խոչընդոտող արգելքները շրջանային են եւ կը ճնշեն իրենց վրայ:
ԻԹԹԻՀԱՏ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ապտել Ռահիմ Մըրատ հարց տուաւ, թէ ինչպէ՞ս վարչապետ Սաատ Հարիրի Լիբանանի սիւննի համայնքին ներկայացուցչութիւնը կ՛իւրացնէ, երբ ան միայն անոր 60 առ հարիւրը կը ներկայացնէ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ասեմ Արաժի շեշտեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը պիտի պահանջէ ստանձնել խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբերէն մէկուն նախագահութիւնը` նկատի ունենալով խորհրդարանին մէջ իր երեսփոխաններու թիւին արձանագրած աճը:
ԱՄԱԼ շարժումի քաղաքական գրասենեակի նախագահ Ժամիլ Հայեք զգուշացուց շրջաններուն միջեւ նախապատրաստուող սադրանքներէն եւ զարմանք յայտնեց կառավարութեան կազմութեան արձանագրած յապաղումին համար:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի հիւսիսային Լիբանանի պատասխանատու Մուսթաֆա Ալլուշ հաստատեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի միջեւ հանդիպումը չի նշանակեր, թէ կառավարութեան ծնունդը մօտալուտ կրնայ ըլլալ:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Փերնիլ Քարտելի հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Իպրահիմ Նաժժար հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութեան թղթածրարը կիսատ մնացած է` քաղաքական ուժերու շահերուն միջեւ արձանագրուած բախումներուն պատճառով:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի կոչ ուղղեց սահմանադրութեան մէջ կառավարութեան կազմութեան ժամկէտին վերաբերող յօդուածը վերատեսութեան ենթարկելու:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Զիատ Պարուտ կոչ ուղղեց երկրին սահմանադրութեան մէջ նկատի ունենալու նոր յօդուած մը, որ կառավարութեան կազմութեան առաքելութեան համար յստակ ժամկէտ կը ճշդէ:ղ
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մոհամետ Սաֆատի յայտնեց, որ իր մեկնաբանութեամբ Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահներուն` Վլատիմիր Փութինի եւ Տանըլտ Թրամփի միջեւ վեհաժողովը կը յուշէ, թէ Սուրիոյ տագնապին լուծման քայլերը պիտի սկսին առնուիլ` աւելցնելով, որ Լիբանան պէտք է պատրաստ ըլլայ մասնակցելու բանակցութիւններուն:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարուան Շարպել հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութեան հարցը մարոնի համայնքի իրաւունքներէն կախեալ չէ, այլ` տարբեր համայնքներուն արտաքին յարաբերութիւններէն:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Էմիլ Էմիլ Լահուտ յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան աշխատանքները կը նմանին երեսփոխանական ընտրութիւններուն գտնուած գանձը բաժնուելու հոլովոյթին:
«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով քաղաքական աղբիւրներէ, հաստատեց, որ սահմանադրութեան կառչած մնալ կը նշանակէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան նախարարութիւնները համախմբել:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին մաղթած է արագացնել կառավարութեան կազմութիւնը` դիւրացնելով վարչապետ Սաատ Հարիրիի առաքելութիւնը:
«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Սաատ Հարիրի գոհունակ կը զգայ կառավարութեան կազմութեան նպատակով իր կատարած խորհրդակցութիւններով:
«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն շեշտեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի բաւարար չափով նախաձեռնութիւններու չի դիմեր կառավարութեան կազմութիւնը արգելակող խոչընդոտները լուծելու համար:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի կառավարութիւնը պիտի կազմուի նախքան յուլիսի աւարտը:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Փաղանգաւոր կուսակցութեան աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ քաղաքական այս ընթացքով շարունակելը պիտի յանգի տնտեսական աղէտի եւ Լիբանանի անկումին: Իսկ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան աղբիւրներ շեշտած են, որ երկրին տնտեսական կացութեան բարելաւումը կարելի է գործադրել նոր կառավարութեան կազմութեամբ: Միւս կողմէ, Հզօր Լիբանան համախմբումի աղբիւրներ նոյն օրաթերթին յայտնած են, որ համախմբումը Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան կողմէ ուժային նախարարութեան մը ստանձնումը վեթոյի չէ ենթարկած:


