Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Սեզար Ապի Խալիլ երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ մամլոյ միացեալ ասուլիս մը տուաւ` ներկայութեամբ Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Հիքմաթ Տիպի եւ Ելեկտրականութեան ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Քամալ Հայեքի:
Ապի Խալիլ շեշտեց, որ Աքքարի մէջ քամիի ուժով ելեկտրականութիւն ստանալու ծրագիրը նուաճում է:
Ան նշեց, որ այդ ծրագիրը պիտի գործադրուի երեք փուլերով: Անոնք են` ծրագիրին մասին յայտարարութիւնը, նուազուրդը եւ բանակցութիւնները:
Ան յայտնեց, որ 2014-ին այս աշխատանքին համար ստեղծուած է յանձնախումբ մը, որուն օժանդակած են նաեւ խորհրդականներ: Յանձնախումբը հասած է այն որոշումին, որ քամիի ուժով ելեկտրականութեան արտադրութեան սակը պիտի հասնի 11,3 սենթի եւ այդ սակը փոխանցած է կառավարութեան` ստանալով վերջինիս հաւանութիւնը:
Ապի Խալիլ հաստատեց, որ Լիբանան այդ համաձայնագիրը ստորագրած է յաւելեալ զեղչերով` աւելցնելով, որ այս համաձայնագիրը առաջին ծրագիրն է, որ կը վերաբերի սեփական մարզէն ուժանիւթ գնելու:
Ապի Խալիլ նկատել տուաւ, որ պետական եւ սեփական մարզերուն միջեւ գործակցութեան համաձայնագիրը իրենք յայտարարած են 2012-էն ի վեր եւ կրցած են զայն լաւագոյն պայմաններով յաջողցնել:
Ան հաստատեց, որ այս ծրագիրը պիտի օժանդակէ Աքքարի բարգաւաճման` նախատեսելով, որ այդ ծրագիրը գործադրութեան դրուի 36 ամիսէն:
Միւս կողմէ, վարչապետ Սաատ Հարիրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Ապի Խալիլի հետ` հաստատելով, որ ինք կապ հաստատած է Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի ու երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուրի հետ եւ անոնցմէ իմացած, որ պիտի դիւրացնեն ելեկտրականութիւն արտադրող թրքական երրորդ նաւը Ժիէ հասցնելու աշխատանքը:



