ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի հաստատեց, որ պաշտպանութեան նախարարութիւնը Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան յանձնելու գծով ոչ մէկ արգելք կայ:
ՄԱՐՄՆԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ ընդգծեց, որ երկիրը կը դիմագրաւէ զգայուն պայմաններ, որոնք կ՛ենթադրեն կառավարութեան անյապաղ կազմութիւնը:
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Մըլհեմ Ռիաշի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Էլիաս Ապու Սաապ շեշտեց, որ մերժելի է տիւրզի համայնքին ներկայացուցչութիւնը սահմանափակել միայն Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի ճշդած նախարարներով:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Ալի Մըքտատ հաստատեց, որ Պեքաայի մէջ բարգաւաճման ծրագիրներու յատուկ նախաձեռնութեան մը կարիք կայ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար յայտնեց, որ քաղաքական տարբեր ուժերու կողմէ կառավարութեան մաս կազմելու պահանջները տակաւին կը մնան բարձր` աւելցնելով, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը տեղքայլի մէջ է:
Հաժժար նշեց, որ կառավարութեան կազմութեան գծով իրաւասութիւններու խնդիր չկայ` շեշտելով, թէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն կը հսկէ երկրին սահմանադրութեան, որ կառավարութեան կազմութեան յստակ ժամկէտ չէ ճշդած:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Ամալ Ապու Զէյտ հաստատեց, որ բոլոր տուեալները ցոյց կու տան, թէ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը տեղքայլի մէջ է:
ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ խորհուրդներու նախագահ Մոհամետ Շքէյր հաստատեց, որ բնակարանային վարկերու տագնապը պիտի կրկնուի նաեւ 2019-ին: Ան շեշտեց, որ այդ հարցին լուծումը մօտիկ ապագային նախատեսուած չէ:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, նոր կառավարութեան կազմութենէն ետք նախկին երեսփոխան Ղազի Եուսեֆ պիտի ստանձնէ վարչապետի տնտեսական խորհրդատուի պաշտօնը, իսկ Նատիմ Մունլա պիտի նշանակուի Բարգաւաճման եւ վերաշինութեան խորհուրդի նախագահ:
«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլա եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան անդամները կը շարունակեն սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին վերաբերող իրենց աշխատանքը: