Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի Դեսպան Ռիչըրտին Յայտնեց, Թէ Լիբանան Կը Սերտէ Հաշիշի Ցանքը Օրինականացնելու Կարելիութիւնները

Յուլիս 19, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Հանդիպումին ընթացքին Պըրրի յայտնեց, որ խորհրդարանը կը սերտէ օրէնսդրական շարք մը քայլեր` օրինականացնելու համար հաշիշի ցանքը, որպէսզի կարելի ըլլայ զայն բժշկական նպատակներու համար օգտագործել, ինչպէս կը կատարուի եւրոպական կարգ մը երկիրներու եւ ամերիկեան կարգ մը նահանգներու մէջ:

Պըրրիի այցելեց նաեւ Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններուն հետեւած եւրոպացի դէտերու յանձնախումբի նախագահ, Եւրոպական խորհրդարանի անդամ Էլենա Վալենչիանոն` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Քրիսթինա Լասընի:

Հանդիպումին ընթացքին պատուիրակութիւնը ներկայացուց ընտրութիւններուն մասին Եւրոպական Միութեան տեղեկագիրը:

Պըրրի շեշտեց, որ ընտրական օրէնքը պէտք է բարեփոխումներու ենթարկել` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է որդեգրել խորհրդարանին մէջ իգական սեռի ներկայացուցչութեան նուազագոյն չափաբաժինը: Ան ընդգծեց նաեւ, որ համամասնական դրութեան ամրապնդումն ու ընտրաշրջաններու ընդարձակումը կրնան յանգիլ քաղաքացիական պետութեան կերտումին, այսինքն` քաղաքացիներու եւ համայնքներու իրաւունքներուն պաշտպանութեան, ըսաւ Պըրրի:

Միւս կողմէ, խորհրդարանի նախագահը Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին ընդգծեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին մէջ ցարդ փոփոխութիւն չէ արձանագրուած` աւելցնելով, որ երկու ամիսէ ի վեր նոյն վիճակը կը տիրէ:

Պըրրի հաստատեց, որ երկիրը կարիք ունի կառավարութեան, որպէսզի լուծէ անոր տնտեսական եւ ընկերային հարցերը, ինչպէս նաեւ զայն դուրս բերէ սառած իրավիճակէն եւ վերահաստատէ ժողովուրդին վստահութիւնը` երկրին պետական հաստատութիւններուն նկատմամբ:

Պըրրի անդրադարձաւ նաեւ բնակարանային վարկերու հարցին` ընդգծելով անոր արագ լուծում ապահովելու կարեւորութիւնը:

Հանդիպումին ներկայ գտնուած երեսփոխանները դրուատեցին Պըրրիի դերակատարութիւնը եւ անոր ի գործ դրած ջանքերը` խորհրդարանական յանձնախումբերը համախոհութեամբ կազմելու գծով: Անոնք մաղթեցին, որ բոլոր հարցերը համախոհութեամբ եւ համագործակցութեամբ լուծուին:

Պըրրի նշեց, որ եթէ շաբաթ մը ետք կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին մէջ զարգացումներ չարձանագրուին, ապա ինք խորհրդարանը պիտի հրաւիրէ խորհրդակցական նիստի մը` քննարկելու համար երկրին ներկայ իրավիճակը:

Պըրրիի այցելեց նաեւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Սթրիտա Ժահժահ, որ խորհրդարանի նախագահը հրաւիրեց ներկայ գտնուելու Արզի փառատօնին մասնակից վաստակաւոր երգչուհի Մաժիտա Ռումիի համերգին:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւններն ու կառավարութեան կազմութեան վերաբերող հարցեր:

Նախորդը

Նախագահ Աուն Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները Եւ Շնորհաւորեց Մաքրոնը

Յաջորդը

Հայ Դատի Յանձնախումբը Կը Ջանայ Ընկերային Ապահովութեան Տուրքի Կրկնակի Գանձումը Կանխարգիլել

RelatedPosts

Սալամ Յորդանան Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Յորդանան Այցելեց

Օգոստոս 20, 2025
Նախագահ Աուն. «Լիբանան Կառչած Կը Մնայ Մինչեւ  Թիւ 1701 Որոշումի Գործադրման Համար Անհրաժեշտ  Ժամանակով ՖԻՆԻՒԼ-ի Ներկայութեան»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Լիբանան Կառչած Կը Մնայ Մինչեւ Թիւ 1701 Որոշումի Գործադրման Համար Անհրաժեշտ Ժամանակով ՖԻՆԻՒԼ-ի Ներկայութեան»

Օգոստոս 20, 2025
Ապահովութեան Խորհուրդը Սկսաւ Քննարկել  ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Վերաբերեալ  Ֆրանսական Նախագիծը
Լիբանանեան

Ապահովութեան Խորհուրդը Սկսաւ Քննարկել ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Վերաբերեալ Ֆրանսական Նախագիծը

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?