Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը, որուն մաս կազմեցին ճարտարարուեստի նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան եւ երեսփոխաններ Ալի Ամմար եւ Ամին Շըրրի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան քաղաքական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ պետական հաստատութիւններու աշխատանքները:
Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Զիատ Ասուատը, որ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեց Ժեզզինի եւ Սայտայի կարիքներն ու այդ շրջաններուն մէջ իրագործուելիք բարգաւաճման ծրագիրները:
Նախագահ Աուն ընդունեց բանակի հրամանատարութեան մէկ պատուիրակութիւնը, որ անոր յանձնեց հրաւէր մը` ներկայ գտնուելու բանակի հիմնադրութեան առիթով տեղի ունենալիք զինուորական շքերթին եւ Սպայից վարժարանը աւարտող շրջանաւարտներու հանդէսին:
Նախագահ Աուն շնորհաւորագիր մը յղեց Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնին` Մոնտիալ 2018-ին Ֆրանսայի ախոյեանութեան առիթով: