Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Հարիրի Կառչած Կը Մնայ Կազմելու Ազգային Միասնականութեան Կառավարութիւն Մը

July 17, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ յայտնեց, որ ինք կառչած կը մնայ կազմելու ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը, որուն մէջ ներկայացուած ըլլան քաղաքական բոլոր ուժերը:

Հարիրի շեշտեց, որ ոչինչ կ՛արգիլէ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի հետ իր հանդիպումը` աւելցնելով, որ ինք մօտիկ ապագային պիտի այցելէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի:

Հարիրի ընդգծեց, որ վարչապետը ինքն է եւ իբրեւ այդպիսին ինք կը կազմէ կառավարութիւնը` հանրապետութեան նախագահին եւ քաղաքական ուժերուն հետ համախոհութեամբ:

«Հետեւաբար, երբ աւարտեմ խորհրդակցութիւններս, պիտի այցելեմ նախագահ Աունի եւ անոր հետ կառավարութեան կազմը քննարկելէ ետք, պիտի յայտարարենք զայն», ըսաւ ան:

Վարչապետը երեկոյեան Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմարի:

Հանդիպումէն ետք Ասմար շեշտեց, որ վարչապետ Հարիրիին յայտնած է, թէ կառավարութեան կազմութիւնը անհրաժեշտութիւն է` ընդգծելով, որ պէտք է դուրս գալ հաստատութիւններու եւ պետութեան տրամաբանութենէն:

Ասմար շեշտեց, որ լիբանանցիները նիւթական նեղ պայմաններու մէջ են եւ կը տառապին տնտեսական տագնապէն, հետեւաբար պէտք է կազմել կառավարութիւնը եւ ուժային կամ ծառայութեան նախարարութիւններու յղացքներէն դուրս գալ` գերագոյն նպատակ ունենալով ժողովուրդին ծառայութիւնը:

Ասմար հաստատեց, որ պետական գանձարկղի նիւթական բացը հսկայական գումարի մը վերածուած է, իսկ տնտեսական կացութեան կարելի չէ հանդուրժել, յատկապէս սահմանափակ եկամուտով քաղաքացիներուն համար:

«Պէտք է ամէնէն մօտիկ ապագային ունենալ կառավարութիւն մը եւ լուծել լիբանանցիներուն հարցերը: Վերսկսիլ բնակարանային վարկեր յատկացնելու, ելեկտրականութիւն եւ ջուր ապահովել լիբանանցիներուն, լուծել աղբի տագնապը, ինչպէս նաեւ ընկերային ապահովագրութիւն տրամադրել բոլորին», ըսաւ Ասմար:

Ան նշեց, որ առաջին անգամ ըլլալով իրենք վարչապետ Հարիրիի մօտ շօշափած են դրական եւ լաւատեսական մթնոլորտ, ինչպէս նաեւ լիբանանցիներուն հարցերը անյապաղ լուծելու առումով անկէ խոստում ստացած են:

Մուսթաքպալ Պլոքի Նիստ

Վարչապետ Հարիրի երէկ կէսօրէ ետք նախագահեց Մուսթաքպալ հոսանքի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան ներքին լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Նիստէն ետք պլոքի անդամ երեսփոխան Օսման Ալամէտտին կարդաց Մուսթաքպալի նիստէն հրապարակուած հաղորդագրութիւնը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Մուսթաքպալ հոսանքը Հարիրիէն իմացաւ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին վերաբերող մանրամասնութիւններ, յատկապէս ինչ կը վերաբերի կառավարութեան կազմութեան խորհրդակցութիւններուն եւ անոնց արդիւնքներուն, որոնք տակաւին չեն յայտարարուած:

Մուսթաքպալ պլոքը գնահատեց կառավարութեան կազմութեան համար որդեգրուած ձեւերն ու միջոցները` աւելցնելով, որ անոնք անպայման պիտի աւարտին կառավարութեան կազմութեամբ:

Մուսթաքպալ պլոքը ընդգծեց վարչապետին հետ գործակցելու եւ իրարու դէմ լարուածութեան ու ցեխարձակումներուն վերջ տալու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ կառավարութիւնը կազմել եւ սկսիլ բարեկարգումներու գործադրութեան:

Մուսթաքպալ պլոքը անդրադարձաւ նաեւ լիբանանեան-սուրիական յարաբերութիւններուն, որոնց լոյսին տակ հաստատեց, որ այդ յարաբերութիւններուն մասին լիբանանցիները տարբեր տեսակէտներ ունին` աւելցնելով, որ երկու երկիրներուն միջեւ քաղաքականութիւնը ճշդողը կառավարութիւնն է, յատկապէս երբ երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ հարցեր եւ տարակարծութիւններ գոյութիւն ունին:

 

Նախորդը

Ապի Խալիլ. «Աքքարի Մէջ Քամիի Ուժով Ելեկտրականութիւն Ստանալու Ծրագիրը Նուաճում Է»

Յաջորդը

Պըրրի. «Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթին Գծով Ցարդ Ոչ Մէկ Նորութիւն Արձանագրուած Է»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.