Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ երէկ պատասխանեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի կատարած այն յայտարարութեան, թէ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը տիրած է լիբանանեան իշխանութեան:
Պասիլ ըսաւ. «Վե՛րջ տուէք պատրանքներուն եւ ընդունեցէ՛ք երեսփոխանական ընտրութիւններուն արդիւնքները` առանց զանոնք յեղաշրջումի ենթարկելու»:
Անդրադառնալով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի միջեւ գոյացած համաձայնութեան` Պասիլ շեշտեց, որ այդ համաձայնութիւնը ի զօրու է եւ հետզհետէ պիտի ամրապնդուի: