Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պէյրութի Մէջ. «Սուրիոյ Տագնապին Քաղաքական Լուծումը Կ՛ապահովէ Ամբողջ Շրջանին Կայունութիւնը, Եւ Իրան Ճիգ Չի Խնայեր Այդ Լուծումը Ապահովելու Իմաստով» Շեշտեց Անսարի

Յուլիս 17, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Իրանի նախագահի յատուկ պատուիրակ, Իրանի արտաքին գործոց նախարարի օգնական Հիւսէյն Ժապիրի Անսարին:

Հանդիպումին ընթացքին Անսարի նախագահ Աունի փոխանցեց Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիէն յղուած բերանացի նամակ մը, որ կը վերաբերէր հիւլէական համաձայնութեան մասին վերջին զարգացումներուն` այդ համաձայնութենէն Միացեալ Նահանգներու հրաժարելէն ետք, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ Իրանի կողմէ ի գործ դրուած ջանքերուն` հակակշռելու համար ամերիկեան ինքնագլուխ այս որոշումին հետեւանքները:

Անսարի նախագահ Աունին ներկայացուց նաեւ Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծում ապահովելու նպատակով Իրանի ի գործ դրած ճիգերը:

Ան հաստատեց Ռուհանիի յանձնառութիւնը` լիբանանեան-իրանեան յարաբերութիւնները ամրապնդելու եւ տարբեր մարզերու մէջ փոխադարձ գործակցութիւնը աշխուժացնելու գծով:

Իր կարգին, նախագահ Աուն ողջոյններ ուղղեց Ռուհանիին` մաղթելով, որ Իրան շարունակէ բարգաւաճիլ եւ յառաջդիմել` պահպանելով իր կայունութիւնը:

Նախագահ Աուն բարձր գնահատեց երկկողմանի հեզասահ յարաբերութիւնները: Ան ցաւ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ հրաժարած են Իրանի հիւլէական ծրագիրի համաձայնագիրէն, որ Լիբանանի կարծիքով` շրջանային կայունութեան պահպանումին հիմնասիւներէն էր եւ կը նպաստէր շրջանը հաւաքական քանդումի զէնքերէ զերծ պահելու առաքելութեան:

Նախագահ Աուն դրուատեց հիւլէականի համաձայնագիրին նկատմամբ Վիեննայի մէջ կարգ մը այլ երկիրներու յայտնած նախանձախնդրութիւնը: Ան վերահաստատեց, որ այդ համաձայնագիրը չեղեալ նկատել կը նշանակէ շրջանին ապահովական կայունութեան վրայ ժխտական ազդեցութիւն ունենալ:

Նախագահ Աուն դրուատեց Իրանի ի գործ դրած ջանքերը` Սուրիոյ տագնապին լուծման նպատակով: Ան աւելցուց, որ այդ տագնապին լուծումը կ՛օժանդակէ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին:

Պըրրիի Մօտ

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Անսարին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Անսարի յայտնեց, որ ինք նախագահ Ռուհանիի կողմէ յատուկ առաքելութեամբ գործուղուած է Լիբանան` Իրանի կեցուածքները բացատրելու լիբանանցի պատասխանատուներուն:

Անսարի նշեց, որ լիբանանցի պատասխանատուներուն իր փոխանցած նամակը կ՛ընդգրկէ հիմնական երկու առանցքներ, որոնցմէ առաջինը կը վերաբերի Իրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ համաձայնագիրը պահպանելու ջանքերուն, իսկ երկրորդ առանցքը կը վերաբերի Իրանի եղբայր եւ բարեկամ երկիրներուն հետ յարաբերութիւններու ամրապնդումին, ինչպէս է պարագան Լիբանանի:

Ան ընդգծեց, որ շրջանը կը պատկանի իր ժողովուրդներուն, որոնք պէտք է համախմբուին եւ պաշտպանեն իրենց ապագան ու ճակատագիրը:

Անսարի հաստատեց նաեւ, որ ինչպէս Իրանի, նոյնպէս ալ շրջանի երկիրներուն համար առաջնահերթութիւն պէտք է ըլլայ Սուրիոյ եւ Եմէնի տագնապներուն քաղաքական լուծումը:

Պասիլ – Անսարի Հանդիպում

Անսարի այցելեց նաեւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններն ու զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները:

Հանդիպումէն ետք Անսարի շեշտեց, որ Իրանի համար առաջնահերթութիւն է սուրիացի տեղահանուածներու հարցին լուծումը, որ կարելի է ապահովել անոնց ապահով տունդարձով:

Անսարի հաստատեց, որ կարելի չէ Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծման մասին խօսիլ` առանց տեղահանուածներու տունդարձը ապահովելու: Ան աւելցուց, որ մօտիկ ապագային պիտի վկայենք Սուրիոյ տագնապին լուծման վերաբերող Սոչիի բանակցութիւններուն 10-րդ փուլին, որուն պիտի մասնակցին երեք պետութիւնները (Իրան, Թուրքիա եւ Ռուսիա), սուրիական կառավարութիւնն ու ընդդիմութիւնը:

Սոչիի բանակցութիւնները պիտի կեդրոնանան Սահմանադրական խորհուրդի կազմութեան եւ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին լուծման վրայ:

«Համոզուած ենք, որ Սուրիոյ տագնապին լուծումը ո՛չ միայն դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ Սուրիոյ, այլեւ` ամբողջ շրջանին վրայ: Կը մաղթենք Սահմանադրական խորհուրդին կազմութիւնը, որ պիտի արագացնէ Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծումը եւ պիտի վերահաստատէ ապահովական կայունութիւնը», շեշտեց Անսարի:

Նախորդը

Նախագահ Աուն Եւրոպական Միութենէն Ստանձնեց Լիբանանի Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Վերաբերող Վերջնական Տեղեկագիրը

Յաջորդը

Յատուկ Քննչական Ծառայութիւն. «Արթուր Աղաբեկեանը Ո՛չ Կասկածելիի, Ո՛չ Վկայի Կարգավիճակ Ունի»

RelatedPosts

Մինչ Քաց Օրթէյկըսի Հետ Լիբանանի  Սահմանին Վրայ Կը Շրջի.   Նեթանիահու. «Իսրայէլ Կազայի Կամ Լիբանանի Մէջ Թիրախներ Հարուածելու Համար Ոեւէ Մէկուն Արտօնութեան Կարիքը Չունի»
Գլխաւոր լուրեր

Մինչ Քաց Օրթէյկըսի Հետ Լիբանանի Սահմանին Վրայ Կը Շրջի. Նեթանիահու. «Իսրայէլ Կազայի Կամ Լիբանանի Մէջ Թիրախներ Հարուածելու Համար Ոեւէ Մէկուն Արտօնութեան Կարիքը Չունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Պըրրի. «Ինծի Լիբանանցիներուն Միջեւ Միասնականութիւն Տուր, Եւ Քեզի Իսրայէլի Դէմ Հաստատ Յաղթանակ Կու Տամ»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Սալամ Վատիկանի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապի Հետ
Լիբանանեան

Սալամ Վատիկանի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապի Հետ

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?