Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Ողջունեց 890 Հազար Սուրիացի Տեղահանուածներու Տունդարձը Ապահովող Ռուսական Նախաձեռնութիւնը

July 28, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն մաղթեց, որ սուրիացի տեղահանուածներուն ապահով տունդարձին վերաբերող ռուսական նախաձեռնութիւնը արժանանայ նաեւ ՄԱԿ-ի զօրակցութեան, որպէսզի կարելի ըլլայ վերջ տալ տեղահանուածներուն դիմագրաւած տանջանքին, յատկապէս անոնց, որոնք լիբանանեան տարբեր շրջաններու մէջ տարածուած են:

Նախագահ Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Փերնիլ Քարտելը, որուն յայտնեց, թէ Հելսինքիի նիստին ընթացքին Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահներ Վլատիմիր Փութինի եւ Տանըլտ Թրամփի միջեւ քննարկուած տեղահանուածներու տունդարձին վերաբերող ռուսական նախաձեռնութիւնը ողջունելի է: Ան աւելցուց, որ այդ նախաձեռնութեան համաձայն, 890 հազար սուրիացի տեղահանուածներ պիտի վերադառնան Սուրիա:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանան պիտի կազմէ յանձնախումբ մը, որուն պիտի անդամակցին նաեւ տեղահանուածներու տունդարձին պատասխանատու ռուս պաշտօնատարներ:

Միւս կողմէ, նախագահ Աուն յայտնեց, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին կողմէ սուրիացի տեղահանուածներուն մասին Ապահովութեան խորհուրդին յղուած տեղեկագիրին մէջ Լիբանանի կեցուածքը յստակօրէն չէր արտայայտուած: Ան ընդգծեց, որ Լիբանան միշտ զօրակցած է սուրիացի տեղահանուածներուն կամովին եւ ապահով տունդարձին:

Նախագահ Աուն Քարտելէն խնդրեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարութիւնը տեղեակ պահել, թէ Լիբանան կը փափաքի երկարաձգել հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն պաշտօնավարութիւնը` առանց փոփոխութեան ենթարկելու անոնց թիւն ու ստանձնած պարտականութիւնները:

Իր կարգին, Քարտել նախագահ Աունին ներկայացուց Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան վերաբերող ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի քննարկումներուն մանրամասնութիւնները` շեշտելով, որ ՄԱԿ Լիբանանի ապահովական կայունութեան պահպանումին առումով կը մնայ Լիբանանի զօրակիցը` անկախ շրջանային զարգացումներէն:

Քարտել ընդգծեց, թէ Ապահովութեան խորհուրդը բարձր գնահատած է Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած երեսփոխանական ընտրութիւնները, որոնք սահմանադրական հաստատութիւններու կառուցման նախաքայլերը կը նկատուին:

Ան նշեց, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը կը քաջալերէ լիբանանցիները` կազմելու կառավարութիւն մը, ինչպէս նաեւ գնահատեց լիբանանեան բանակի դերակատարութիւնը` իր գերիշխանութիւնը բանեցնելու ամբողջ Լիբանանի վրայ:

Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէն, որ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեց լիբանանեան-ֆրանսական յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ տարեսկիզբին Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի Լիբանան կատարելիք պաշտօնական այցելութիւնը:

Ֆուշէ շեշտեց, որ Ֆրանսա կը զօրակցի Լիբանանին եւ կը հետեւի «Սետր»-ի խորհրդաժողովի բանաձեւերուն գործադրութեան, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն օժանդակութեան` «Հռոմ 2» խորհրդաժողովին շրջագիծին մէջ:

Նախագահ Աուն Ֆուշէի հետ քննարկեց նաեւ սուրիացի տեղահանուածներուն ապահով տունդարձին վերաբերող ռուսական նախաձեռնութիւնն ու կառավարութեան կազմութեան ընթացքը:

Նախորդը

Պըրրի Կը Վերահաստատէ Կառավարութեան Կազմութեան Անհրաժեշտութիւնը

Յաջորդը

Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի Այցելեց Նախագահ Աունի

RelatedPosts

Նախագահ Աունի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք.  Սալամ. «Կը Զգուշացնեմ Լիբանանը Օտարերկրեայ  Շահերուն Ծառայելու Համար Որեւէ Նոր Անօգուտ  Արկածախնդրութեան Մէջ Ներքաշելէ»
Լիբանանեան

Նախագահ Աունի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք. Սալամ. «Կը Զգուշացնեմ Լիբանանը Օտարերկրեայ Շահերուն Ծառայելու Համար Որեւէ Նոր Անօգուտ Արկածախնդրութեան Մէջ Ներքաշելէ»

November 5, 2026
Հըզպալլա Կը Հերքէ
Լիբանանեան

Հըզպալլա Կը Հերքէ

November 5, 2026
Շենքըր. «Լիբանանեան Բանակին Ամերիկեան  Աջակցութիւնը Պիտի Շարունակուի, Եւ Հաւանական Է,  Որ Անոր Ամսականները Ծոցէն Վճարուին»
Լիբանանեան

Շենքըր. «Լիբանանը Իրան-Միացեալ Նահանգներ Ճակատումին Մէջ Ներքաշելու Որոշումը Հըզպալլայի Ձեռքն Է»

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.