Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Պալհաժէն Իմացաւ Լիբանանին Տրամադրուելիք Երկու Միլիառ Տոլար Գումարին Մասին

Յուլիս 31, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Միջազգային դրամատան Միջին Արեւելքի եւ հիւսիսային Ափրիկէի բաժանմունքի պատասխանատու Ֆարիտ Պալհաժը` ներկայութեամբ ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանի:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն յայտնեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններէն ետք համամասնական ընտրական օրէնքին հիման վրայ կատարուած երեսփոխանական ընտրութիւններուն պիտի յաջորդեն տնտեսական բարեկարգումներ, որոնք կ՛օժանդակեն Լիբանանի տնտեսական բարգաւաճումին եւ արդիւնաբերական մարզերուն աշխուժացման:

Նախագահ Աուն հաստատեց, որ մէկ տարուան մէջ պետական երկու ամավարկ վաւերացնելը բարեկարգումի գլխաւոր կէտերէն մէկն է` նկատի ունենալով, որ երկիրը 12 տարի առանց ամավարկի գործած է:

Հանրապետութեան նախագահը հաստատեց, որ փտածութեան դէմ պայքարը բոլոր ուժերուն կողմէ արտասանուած քաղաքական բառամթերքին մաս կը կազմէ` աւելցնելով, որ այդ հարցը պիտի ըլլայ յաջորդ կառավարութեան առաջնահերթութիւններէն:

Այս շրջագիծին մէջ նախագահ Աուն յոյս յայտնեց, որ կառավարութիւնը մօտիկ ապագային կը կազմուի:

Նախագահ Աուն ողջունեց Միջազգային դրամատան դերակատարութիւնը` Լիբանանի մէջ բարգաւաճման ծրագիրներ ֆինանսաւորելու գծով: Ան հաստատեց, որ նախապատուութիւնը պիտի տրուի այն ծրագիրներուն, որոնք կ՛օժանդակեն տնտեսական բարգաւաճման աշխուժացման եւ ենթակառոյցներու արդիականացման: Ան նաեւ շեշտեց Միջազգային դրամատան հետ գործակցութիւնը ամրապնդելու կարեւորութիւնը:

Իր կարգին, Պալհաժ ուրախութիւն յայտնեց Պէյրութ գտնուելուն առիթով եւ շեշտեց Միջազգային դրամատան պատրաստակամութիւնը օժանդակելու Լիբանանին` բարգաւաճման եւ արդիւնաբերութեան նպաստող ծրագիրներ ֆինանսաւորելու ընդմէջէն:

Պալհաժ նախագահ Աունի հետ խօսեցաւ Միջազգային դրամատան կողմէ Լիբանանին տրամադրուելիք երկու միլիառ տոլար գումարի ծրագիրին մասին` աւելցնելով, որ այդ գումարը պիտի օգտագործուի ըստ կառավարութեան ճշդելիք առաջնահերթութիւններուն:

Պալհաժ ողջունեց Լիբանանի իրագործած քաղաքական եւ տնտեսական բարեկարգումները, որոնց շնորհիւ Լիբանանի նկատմամբ միջազգային վստահութիւնը պիտի ամրապնդուի:

Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ Ֆրանսայի նախկին նախագահ Նիքոլա Սարքոզի. քննարկուեցան լիբանանեան-ֆրանսական յարաբերութիւններն ու երկու երկիրները յուզող հարցերը:

Սարքոզի, որ անձնական այցելութեամբ մը կը գտնուի Պէյրութ, յայտնեց, որ ինք կապուած է Լիբանանին եւ համոզուած դժուար կացութիւնները շրջանցելու լիբանանցիներուն կարողութեան:

Սարքոզի դրուատեց նախագահ Աունի իմաստուն կեցուածքները եւ անոր դերակատարութիւնը` Լիբանանը առաջնորդելու դէպի ապահով ափեր:

Իր կարգին, նախագահ Աուն ողջունեց Սարքոզին` ընդգծելով լիբանանեան-ֆրանսական պատմական յարաբերութիւններուն կարեւորութիւնը:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան տեղական, շրջանային ու միջազգային իրադարձութիւնները եւ անոնց նկատմամբ Լիբանանի տեսակէտը:

Քաղաքական եւ դիւանագիտական հանդիպումներու շրջագիծին մէջ, նախագահ Աուն հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ նախկին երեսփոխան Էլի Մարունիի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Զահլէի եւ Պեքաայի մէջ իրագործուելիք բարգաւաճման կարգ մը ծրագիրներ:

 

Նախորդը

Հարիրի Ֆուշէի Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Յարաբերութիւնները

Յաջորդը

Բագրատունի Ընդունեց Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութիւն Մը

RelatedPosts

Նախագահ Աունին Յղած Իր Նամակին Մէջ.  Մաքրոն. «Վճռակամ Ենք Բանակի Աջակցութեան Եւ Լիբանանի Վերականգնման Երկու Խորհրդաժողովները Կազմակերպելու»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աունին Յղած Իր Նամակին Մէջ. Մաքրոն. «Վճռակամ Ենք Բանակի Աջակցութեան Եւ Լիբանանի Վերականգնման Երկու Խորհրդաժողովները Կազմակերպելու»

Հոկտեմբեր 15, 2025
Իզզէտտին. «Պատերազմը Բաց Է Բոլոր Կարելիութիւններուն Վրայ»
Լիբանանեան

Իզզէտտին. «Պատերազմը Բաց Է Բոլոր Կարելիութիւններուն Վրայ»

Հոկտեմբեր 15, 2025
ՖԻՆԻՒԼ. «Խաղաղապահ Ուժերու 25 Առ Հարիւրով Կրճատումը Հարաւային Լիբանանի Մէջ Գործող Առաքելութիւնը Կը Դնէ Մեծ Մարտահրաւէրներու Առջեւ»
Լիբանանեան

ՖԻՆԻՒԼ. «Խաղաղապահ Ուժերու 25 Առ Հարիւրով Կրճատումը Հարաւային Լիբանանի Մէջ Գործող Առաքելութիւնը Կը Դնէ Մեծ Մարտահրաւէրներու Առջեւ»

Հոկտեմբեր 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?