Լիբանանի կիներու ազգային խորհուրդը երէկ շնորհաւորեց լիբանանեան բանակի հիմնադրութեան 73-ամեակը` մեծապէս գնահատելով երկրին պաշտպանութեան մէջ բանակին դերակատարութիւնը եւ ահաբեկչութեան դէմ մղած պայքարը:
Լիբանանի կիներու ազգային խորհուրդը ողջունեց բանակին զինուորական կարողութիւնները եւ մնայուն զոհողութիւնները, ինչպէս նաեւ շեշտեց, որ կը խոնարհի բանակի հերոս նահատակներու յիշատակին:
Լիբանանի կիներու ազգային խորհուրդը շնորհաւորեց եւ ողջունեց լիբանանեան բանակի իւրաքանչիւր զինուորը, յատկապէս կին բանակայինները, որոնք տարիներու ընթացքին փաստեցին, թէ կրնան յաջողցնել իրենց վստահուած բոլոր պարտականութիւններն ու գործողութիւնները, եւ որոնց ներկայութիւնը բանակին համար յաւելեալ արժէք կը նկատուի:
Լիբանանի կիներու ազգային խորհուրդը նշեց, որ լիբանանցի կիները այսօր բանակին մէջ բարձր պաշտօններու եւ ղեկավար դիրքերու վրայ կը գտնուին:
Լիբանանի կիներու ազգային խորհուրդը դարձեալ շնորհաւորեց բանակը` զայն կոչելով երկրին ապահովութեան երաշխիքն ու ազգային միասնականութեան խորհրդանիշը: