Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յուլիս 30, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՐՉԱԿԱՆ բարեկարգումի պետական նախարար Ինայա Իզէտտին կոչ ուղղեց արագացնելու կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը, որպէսզի կարելի ըլլայ Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական եւ ընկերային մարտահրաւէրները դիմագրաւել:

ԱՔՔԱՐԻ Շատրա գիւղաքաղաքին մէջ բացումը կատարուեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի անունը կրող փողոցին: Պաշտօնական հանդիսութեան ներկայ գտնուեցաւ նախագահ Աունի ներկայացուցիչ, նախարար Փիեռ Ռաֆֆուլ:

ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ, առողջապահութեան նախարար Ղասսան Հասպանի շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան ճիգերուն շրջագիծին մէջ է, որ իր դէմ ցեխարձակումներու յստակ արշաւ մղուած է: Ան հաստատեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն քաղաքական բոլոր ուժերէն նոյն հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի եւ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը կը դիւրացնէ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան հարցը տակաւին չէ աւարտած` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը կազմելու համար պէտք է որոշում տալ, յետին նպատակներ չհետապնդել եւ աշխատանքի թափանցիկութիւն ցուցաբերել:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ կոչ ուղղեց Սուրիոյ եւ Լիբանանի միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները վերահաստատելու: Ան շեշտեց, որ Սուրիոյ վերաշինութեան համար լիբանանցիներուն օժանդակութեան դիմաց բոլոր դռները պէտք է բանալ:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Էտի Մաալուֆ շեշտեց, որ ներկայ փուլին  դրական մթնոլորտի հաստատումը կարեւոր է, որովհետեւ քաղաքացին նոր փուլի մը խոստումը ստացած է:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժիհատ Սամատ յայտնեց, որ մօտիկ ապագային կառավարութեան կազմութեան մասին յայտարարութիւնները գուշակութիւններ են, որովհետեւ գետնին վրայ բոլոր թնճուկները կը մնան նոյնը:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Աուն հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութեան մթնոլորտը տակաւին դրական է:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ռուլա Թապըշ հաւանական նկատեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի այսօրուընէ սկսեալ կառավարութեան նոր կազմ յայտարարէ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ նշեց, որ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարը առեւտուրի նիւթի վերածելը վերջ գտած է` աւելցնելով, որ իրենց պատասխանատուութիւնն է դիւրացնել տեղահանուածներու տունդարձը:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժամիլ Սէյիտ թուիթըրեան գրառումի մը ընդմէջէն հաստատեց, որ Սուէյտայի բնակիչները լաւ գիտեն, թէ ո՛վ էր ՏԱՀԵՇ-ը իրենց մօտ հասցնող կողմը:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուաֆ Մուսաուի հաստատեց, որ կը սխալին բոլոր անոնք, որոնք կը պատկերացնեն, թէ սուրիական պետութեան փլուզումով կրնան իրականացնել Դիմադրութիւնը խեղդամահ դարձնելու երազը:

ԱԶԳԱՅԻՆ համախմբումի անդամ, երեսփոխան Ֆայեզ Ղոսըն շեշտեց, որ իրենց պահանջն է, որ նոր կառավարութեան մէջ ստանձնեն հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու կամ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը: Ղոսըն ընդգծեց, որ իրենց նպատակն է նախարար նշանակել երեսփոխան Ֆարիտ Հայքալ Խազենը` աւելցնելով, որ այս պահանջներուն չընդառաջելը պիտի նկատեն իրաւազրկում, եւ այդ պարագային իրենց համար ամէն բան հաւանական պիտի ըլլայ:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարուան Շարպել շեշտեց, որ Սէուտական Արաբիա ձախողած է Լիբանանի մէջ իր գոյութիւնը փաստել` աւելցնելով, որ անիկա կը փորձէ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը վերականգնել` Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերուն դիմաց:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ շեշտեց, որ տիւրզի համայնքին ճշմարտութիւնը վտանգի սեմին կը գտնուի` աւելցնելով, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ ցնցումի մէջ կը գտնուի` ամերիկեան զօրակցական կեցուածքին արձանագրած նահանջին պատճառով:

ՊԱԱԼՊԵՔ-Հերմելի նահանգապետ Պաշիր Խտըր շեշտեց, որ սուրիական տագնապը տնտեսական հսկայ բեռ մը զետեղած է նահանգի ուսերուն, սակայն միաժամանակ առիթ ընծայած է, որ միջազգային ընտանիքի անդամ միութիւններ, օժանդակ պետութիւններ ու կազմակերպութիւններ Պաալպեք-Հերմելի մէջ բարգաւաճման ծրագիրներ իրագործեն: Ան հաստատեց, որ իրենց պարտականութիւնն է ամէն իմաստով օժանդակել սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ կուսակցութեան Սայտայի պատասխանատու Զէյտ Տահերի, շաբաթավերջին այցելեց Սայտայի յոյն կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Էլի Պշարա Հատտատ եպիսկոպոսին, որուն հետ քննարկեց Սայտայի վերաբերող շարք մը հարցեր:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը որոշած է կառավարութեան մաս չկազմել, որովհետեւ չէ համոզուած, որ անիկա պիտի ըլլայ Լիբանանի տնտեսական կացութիւնը փրկող ազգային կառավարութիւն մը: Նոյն օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով դիւանագիտական աղբիւրներէ, կը գրէ, թէ Լիբանան պէտք է սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին առնչուած գումակային թղթածրարները պատրաստէ եւ նախապատրաստական աշխատանքը կատարէ:

«ԷՄ. ԹԻ. ՎԻ.» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, նոր կազմուելիք կառավարութեան մէջ տիւրզի համայնքին ներկայացուցչութեան վերաբերող թնճուկը կրնայ լուծուիլ հանրապետութեան նախագահին տրուած նախարարութիւններու չափաբաժինին մէջ Մարուան Ապու Ֆատելի նախարար նշանակումով:

«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Մուսթաքպալ հոսանքի աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը խոչընդոտող արգելքները տակաւին չեն լուծուած:

 

 

Նախորդը

«Չենք Ուզեր Եւրոպական Միութիւն Մը, Որ Կը Ղեկավարուի Ֆրանսայի Կողմէ» Կ՛ըսէ Հունգարիոյ Վարչապետը

Յաջորդը

«Սուրիացի Տեղահանուածներու Տունդարձի Յանձնախումբը Լիբանանի Կառավարութեան Տրամադրութեան Տակ Կը Գտնուի» Շեշտեց Նաուար Սահիլի

RelatedPosts

Այցելելով Պաապտայի Պալատ`  «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր,  Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն»  Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Պաապտայի Պալատ` «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր, Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն» Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը

Յուլիս 9, 2025
Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց  Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ  Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու
Լիբանանեան

Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու

Յուլիս 9, 2025
Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը  Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»
Լիբանանեան

Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?