Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարիրի Ֆուշէի Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Յարաբերութիւնները

July 31, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Վարչապետ Հարիրիի այցելեց նաեւ Միջազգային դրամատան Միջին Արեւելքի եւ հիւսիսային Ափրիկէի բաժանմունքի պատասխանատու Ֆարիտ Պալհաժ, որուն հետ քննարկուեցան երկիրը յուզող տնտեսական եւ ելեւմտական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ Միջազգային դրամատան իրագործելիք ծրագիրները:

Հանդիպումէն ետք Պալհաժ յայտնեց, որ Հարիրիի հետ քննարկած է Լիբանանի եւ Միջազգային դրամատան վերաբերող հարցերը` ընդգծելով, որ այդ յարաբերութիւնը հինէն կու գայ եւ ամրապնդուած է փոխադարձ գործակցութեամբ:

Պալհաժ նշեց, որ վարչապետին հետ քննարկած է բոլոր այն հարցերը, որոնք ուղղակի կամ անուղղակի կապուած են տնտեսական եւ ընկերային իրավիճակին` շեշտելով, որ յառաջիկային Լիբանանի եւ Միջազգային դրամատան միջեւ գործակցութիւնը պիտի հզօրանայ:

Պալհաժ ընդգծեց, որ Լիբանանի տնտեսական կացութիւնը զգայուն վիճակի մէջ կը գտնուի, հետեւաբար պէտք է կառավարութիւնը բարեկարգումներու փուլ մը իրականացնէ, յատկապէս ուժանիւթի, ջուրի եւ արհեստագիտութեան մարզերուն մէջ, որպէսզի կարենայ այդ մարզերուն ներդրումներ ապահովել:

Հարիրիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Նազիհ Նաժարի, որ վարչապետին հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը:

Հանդիպումին ընթացքին Նաժարի հաստատեց, որ Եգիպտոս կը հետեւի կառավարութեան կազմութեան ջանքերուն, որովհետեւ զայն կը նկատէ Լիբանանի կայունութեան երաշխիքը: «Գահիրէ յանձնառու է Լիբանանի ապահովական կայունութեան եւ Հարիրիի կողմէ կառավարութեան անյապաղ կազմութեան», ըսաւ Նաժարի:

Նախորդը

Պըրրի Խորհրդարանի Միացեալ Յանձնախումբերը Հրաւիրեց Նիստի Մը

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Պալհաժէն Իմացաւ Լիբանանին Տրամադրուելիք Երկու Միլիառ Տոլար Գումարին Մասին

RelatedPosts

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 10, 2026
Ժամացոյցին Սլաքները Մէկ Ժամ Ետ Տանիլ
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյցի Անցում` 24-25 Հոկտեմբերի Լուսցող Գիշերուան Ընթացքին

October 9, 2026
Այցելելով Նախագահ Աունին`  Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է  Լիբանանին Անհրաժեշտ  Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Նախագահ Աունին` Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Լիբանանին Անհրաժեշտ Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»

October 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.