Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պուխարի. «Լիբանանի Ապահովական Կայունութիւնը Էր Եւ Պիտի Մնայ Առաջնահերթութիւն»

Յուլիս 30, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դիւանագիտական կազմի նախագահ Ուալիտ Պուխարի շաբաթ կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Սոտեքոյի «Պէյթ Պէյրութ» ճաշարանին մէջ  հրաւիրեց «Սուրճի շուրջ» հանդիպումի մը, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ «Լսատեսողական լրատուամիջոցներն ու ազգային համերաշխութիւնը» նիւթը` հովանաւորութեամբ տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշիի:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ տեղահանուածներու հարցերու պետական նախարար Մույին Մերեհպի, մշակոյթի նախարար Ղաթթաս Խուրի, երեսփոխաններ Թարեք Մերեհպի եւ Ուալիտ Պաարինի, Պէյրութի նահանգապետ Զիատ Շպիպ, մեծ թիւով դեսպաններ եւ արաբ հիւպատոսներ, Մուսթաքպալ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի, ինչպէս նաեւ լսատեսողական լրատուամիջոցներու պատասխանատուներ եւ ներկայացուցիչներ, քաղաքական անձնաւորութիւններ, մտաւորականներ, արուեստագէտներ եւ լրագրողներ:

Շպիպ իր խօսքին մէջ հաստատեց, որ լսատեսողական լրատուամիջոցները տակաւին կը նկատուին այն հիմնական միջոցները, որոնք հանրային կարծիք կը ստեղծեն եւ գիտութիւն կը սփռեն:

Շպիպ գնահատեց Ռիաշիի գործունէութիւնը եւ երկխօսութեան ու հաղորդակցութեան ջատագովը ըլլալու իրականութիւնը` նկատել տալով, որ ան իր ընթացքով փաստած է, թէ երկխօսութեամբ եւ հաղորդակցութեամբ կարելի է խաղաղութիւն հաստատել եւ անդորրը երաշխաւորել:

Իր կարգին, նախարար Ռիաշի շեշտեց, որ հակառակ լիբանանեան տեղեկատուութեան մարզին մասին արձանագրուած քննադատութիւններուն, այդ մարզը կարելի չէ պատասխանատու նկատել լիբանանեան ազգային համերաշխութիւնը խախտելու յանցանքով:

Ռիաշի ընդգծեց, որ Լիբանանի ազգային միասնականութիւնն ու համերաշխութիւնը կը գոյատեւէ Թաէֆի համաձայնագիրով` աւելցնելով, որ Լիբանան չի կրնար օրինակելի ըլլալ, եթէ դադրի պատգամի եւ ազատութիւններու երկիր ըլլալէ:

Պուխարի հաստատեց, որ Սէուտական Արաբիոյ համար Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը էր եւ պիտի մնայ առաջնահերթութիւն: Ան շեշտեց, որ իրենց համար կարեւորը այն է, որ Լիբանան մնայ ազատ, անկախ եւ գերիշխան արաբական երկիր մը:

Պուխարի ընդգծեց, որ Սէուտական Արաբիա յանձնառու կը մնայ Լիբանանի ազգային համերաշխութեան, որ արդիւնք է երկրին մէջ ազատ կարծիքի եւ արտայայտութեան իրաւունքին:

 

Նախորդը

«Հարիրի Լաւատես Է Կառավարութեան Կազմութեան Մօտալուտ Ըլլալու Իրականութեամբ» Շեշտեց Խոխեր

Յաջորդը

Պըրրի. «Լիբանան Խիստ Կարիք Ունի Նոր Կառավարութեան` Երկիրը Տնտեսական Անկումէ Փրկելու Համար»

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?