Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերէն պահանջեց Իսրայէլի մօտ միջամտել, որպէսզի իսրայէլեան ուժերը կասեցնեն Քֆարքիլայի հանդիպակաց շրջանին մէջ սկսած սահմանային շինութիւնները` նկատի ունենալով, որ այդ աշխատանքները կը շրջանցէին սահմանային Կապոյտ գիծը:
Սահմանային շրջանին մէջ տիրեց պատրաստ վիճակ` լիբանանեան բանակին եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն կողմէ:
Աւելի ուշ, ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու պաշտօնական բանբեր Անտրէա Թինընթի շեշտեց, որ սահմանային Կապոյտ գիծի ոչ մէկ խախտում արձանագրուած է` աւելցնելով, որ միջազգային խաղաղապահ ուժերը գետնի վրայ ներկայ են սահմաններուն հսկողութեան եւ խաղաղութեան պահպանումին համար:
Թինընթի նշեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը թէ՛ լիբանանեան եւ թէ՛ իսրայէլեան ուժերուն հետ կը գործակցին` սահմանը կայուն պահելու եւ բոլոր հարցերուն լուծումներ գտնելու նպատակով: