Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շեպաայէն Եւ Կեդրոնական Պեքաայէն 722 Սուրիացի Տեղահանուածներ Տունդարձ Կատարեցին

July 30, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը շաբաթավերջին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձի շրջագիծին մէջ, շաբաթ օր Շեպաայի եւ Կեդրոնական Պեքաայի շրջաններէն 722 տեղահանուածներ տունդարձ կատարեցին:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ սուրիացի տեղահանուածներուն հայրենիք վերադարձը կատարուեցաւ գաղթականներու յատուկ ՄԱԿ-ի բարձրագոյն յանձնախումբին եւ անոր պատասխանատուներուն հետ համադրաբար ու անոնց ներկայութեան:

Ըստ հաղորդագրութեան, սուրիացի տեղահանուածներուն փոխադրութիւնը կատարուեցաւ պասերով, որոնք տրամադրուած էին սուրիական իշխանութիւններուն կողմէ, իսկ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերը շրջուն ջոկատներով հսկեցին տունդարձի գործողութեան ընթացքին` սկսելով Շեպաայէն ու Կեդրոնական Պեքաայէն եւ հասնելով մինչեւ Մասնաայի սահման ու Ժտէյտեթ Եապուս` սահմանամերձ շրջան:

Տունդարձի աշխատանքներու եւ գումակային դասաւորումներու շրջագիծին մէջ, Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ անակնկալ այցելութեամբ մը հասաւ Շեպաա, ուր անձամբ հսկեց տունդարձի համար որդեգրուած քայլերուն եւ տեղահանուածներէն իմացաւ անոնց կարիքներուն մասին, ինչպէս նաեւ լսեց իր հասցէին ուղղուած անոնց երախտագիտական խօսքերը:

Իպրահիմ հաստատեց, որ սուրիացի տեղահանուածները ապահով կը վերադառնան Սուրիա` աւելցնելով, որ տունդարձի հետագայ փուլերուն մարդիկ պիտի վկայեն հարիւր հազարաւոր տեղահանուածներու վերադարձին` իբրեւ արդիւնք տեղահանուածները ապահով իրենց հայրենիքը վերադարձնելու անհրաժեշտութիւնը շեշտող ռուսական նախաձեռնութեան:

Այս շրջագիծին մէջ Ապպաս Իպրահիմ կոչ ուղղեց տեղահանուածներուն ուղղուելու իրենց ամէնէն մօտակայ շրջանի Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու կեդրոնը եւ արձանագրելու իրենց անունները:

Իպրահիմ շեշտեց, որ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերը ստիպողական անցք մը կը նկատուին սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին` աւելցնելով, որ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերը կը դիւրացնեն բոլորին աշխատանքները եւ կ՛ապահովեն անոնց հանգիստ փոխադրութիւնը:

Ապպաս Իպրահիմ ընդգծեց նաեւ, որ տունդարձ կատարած սուրիացի տեղահանուածները սուրիական պետութեան հետ ոչ մէկ հարցի դէմ յանդիման կը գտնուին:

Նախորդը

Պըրրի. «Լիբանան Խիստ Կարիք Ունի Նոր Կառավարութեան` Երկիրը Տնտեսական Անկումէ Փրկելու Համար»

Յաջորդը

Արցախի Խորհրդարանական Ուժերու Ներկայացուցիչները Մտահոգութիւն Կը Յայտնեն Ռոպերթ Քոչարեանի Կալանաւորման Վերաբերեալ

RelatedPosts

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Լիբանանի  Եւ Սուրիոյ Միջեւ Սուրիացի Դատապարտեալներ  Սուրիա Տեղափոխելու Շուրջ Համաձայնութեան
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Միջեւ Սուրիացի Դատապարտեալներ Սուրիա Տեղափոխելու Շուրջ Համաձայնութեան

January 31, 2026
Խորհրդարանական Ընտրութիւնները`  3 Եւ 10 Մայիսին
Լիբանանեան

Խորհրդարանական Ընտրութիւնները` 3 Եւ 10 Մայիսին

January 31, 2026
Նախագահ Աուն. «Գերիներու Թղթածրարը  Առօրեայ Հետապնդման Առարկայ Է, Իսկ Գիւղերու  Վերակառուցումը` Գերակայ Խնդիր»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Գերիներու Թղթածրարը Առօրեայ Հետապնդման Առարկայ Է, Իսկ Գիւղերու Վերակառուցումը` Գերակայ Խնդիր»

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.